2009-01-21 12:33:30

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։

Ուաշինկթընի Մէջ Եզակի Պատմական Օր Մը։՝՝ Կ՝ընտրենք Յոյսը՝Վախի Փոխարէն՝՝ ......Պարաք Օպամա երէկ տուաւ իր նախագահական երդումը։ Հակառակ սաստիկ ցուրտին երկու միլիոն ամերիկացիներ ներկայ գտնուեցան այն պատմական օրուան, երբ առաջին անգամ ըլլալով ափրիկեան ծագումով ամերիկացի մը ստանձնեց աշխարհի միակ գերուժ Պետութեան նախագահի պաշտօնը։ Երդման արարողութեան ապահովութեան կը հսկէին շուրջ 40 հազար պաշտօնեաներ։Պարաք Օպամա երդման արարողութեան վայրը ուղղուեցաւ՝ ընթանալով նոյն առիթով նախկին նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի օգտագործած ճամբով, եւ իր երդումը կատարեց 1861-ին Լինքըլնի երդման արարողութեան առթիւ բռնած Աստուածաշունչին վրայ։ Իր նախագահական առաջին ճառին ընթացքին նախագահ Օպամա խոստացաւ ՝՝Ամերիկան վերաշինել՝՝։ Ան ակնարկեց իբրեւ առաջին սեւ ամերիկացի նախագահ, իր ընտրութեան տարողութեան։ ՝՝Այս է մեր ազատութեան եւ հաւատամքի իմաստը, երբ մարդ մը, որուն հայրը նուազ քան 60 տարի առաջ չէր կրնար տեղական ճաշարանի մը դրնեն մտնել, այսօր անոր զաւակը ձեր դիմաց կը կանգնի որպէս նախագահ՝՝ (ըսաւ Օպամա)։ Ան անկեղծ կերպով խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատասխանատու կերպով Իրաքը պիտի ձգեն իր ժողովուրդին եւ Աֆղանիստանի մէջ մեծ ջանքով շահուած խաղաղութիւնը պիտի դարբնեն։ Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահը իր խօսքը ուղղեց աշխարհի աղքատներուն եւ իսլամ աշխարհին, որոնց մեծամասնութիւնը ցասումով կը հակակրէր նախորդ վարչակազմին, եւ ըսաւ, որ ՝՝այսուհետեւ Միացեալ Նահանգներ պիտի փնտռեն յառաջ ընթանալու նոր ուղի մը՝ հիմնուած փոխադարձ շահերու եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ՝՝։ Հոս նշենք որ ծագումով լիբանանցի Ճորճ Միչըլ կը նշանակուի նախագահ Օպամայի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա), Մեթիու Պրայզան (Միացեալ Նահանգներ), Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ՝՝զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային գործընթացքի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր՝՝։Համանախագահները Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուցած են նաեւ աւելի կանուխ Պաքուի մէջ կայացած հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին։ Ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ յառաջիկային հանդիպում կազմակերպելու վերաբերեալ։

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան պիտի նշանակուի։ Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Ազնաւուրի գործակատար Լեւոն Սայեան՝ Ֆրանսայի Քան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ձայնապնակի եւ երաժշտութեան հրապարակման միջազգային շուկային շրջագիծին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։ Ազնաւուր այս առիթով իր ասպարէզին համար յատուկ պարգեւ մը ստացաւ։ Ազնաւուր յայտարարեց, որ ուրախ է Պարաք Օպամայի ընտրութեան համար։ Իր ընտրութեան օրը իրեն նամակ մը ուղարկեցի,( ըսած է Ազնաւուր) ։

Երկուշաբթի, Յունուար 19ին, Պոլսոյ մէջ զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան երկրորդ տարելիցը։ Յետմիջօրէին, արտակարգ եռուզեռ ստեղծուած Օսմանպէյ թաղի մէջ, ՝՝Ակօս՝՝ի խմբագրատան դիմաց եւ առջեւը, ուր հազարաւորներ հաւաքուած էին՝ կրելով վերտառութիւններ, որոնցմով արդարութիւն կը պահանջէին Հրանդին համար։ Զանազան լեզուներով պարզուած վերտառութիւններուն վրայ կը կարդացուէին նաեւ ՝՝Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք՝՝ նախադասութիւնները։ Խմբագրատան առջեւ դրուած էին Հրանդին լուսանկարները ու շատեր ծաղիկներ թողուցին պատկերներուն առջեւ։ Յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ, ապա երգուեցան հայերէն երգեր եւ լսելի եղաւ տուտուկով երաժշտութիւն։ Ելոյթ ունեցաւ նշանաւոր դերասան Հալիլ Էրկիւն, որ յայտնեց, թէ այս հողերը միշտ սնուցուած են մահերով։ Ան ըսաւ, որ խորապէս ցնցուած էր՝ լսելով Հրանդին սպանութիւնը։ Հրանդ այս հողերուն տեղացին ու տէրն էր, (ըսաւ ան), եւ աւելցուց, որ Տինք մէջտեղ հանած էր Թուրքիոյ մշակութային հարստութիւնները։ Ծանօթ թուրք դերասան Հալիլ Էրկիւն տեղացի հայերէ ՝՝ներողութիւն՝՝ խնդրեց անոր համար, որ չէին կրցած արգելք հանդիսանալ Հրանդի սպանութեան։ Ընդգծենք որ Երեքշաբթի, Յունուար 20ին, թրքական մամուլը լայն տեղ տրամադրած էր Տինքի սպանութեան երկրորդ տարելիցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.