2009-01-20 13:51:02

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ

Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով կաթողիկէներու եւ ֆինլանտիայի կապերը պէտք է աւելի հզօրացուին։


 Քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթուան երկրորդ օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց ֆինլանտիայի լուտերանական պատուիրակութիւն մը։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը մաղթեց համամիութենական կապերու հզօրացումը կաթողիկէներու եւ ֆինլանտիայի լուտերանականներու միջեւ։ ֆինլանտիայի լուտերանական պատուիրակութիւնը Հռոմ կը գտնուի Ս. Հենրիքոսի տօնին առթիւ։ Յայտնենք թէ Ս. Հենրիքոս պաշտպան սուրբն է ֆինլանտիայի։ Պատուիրակութեան ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Ձեր այս այցելութեամբ, կը յուսամ որ աւելի կ՛ամրապնդուին կապերը երկու եկեղեցիներու միջեւ, որոնք անցեալին շատ դրական էին՝՝։ Ապա Հռոմի Պապը վերակոչեց ներկայ երկու եկեղեցիներու երկխօսութեան յանձնախումբի աշխատանքը Շուետական եկեղեցւոյ հետ միասին եւ յիշեց թէ այս տարի 10-րդ տարեդարձն է արդարացումի վաւերաթուղթին յայտարաութեան, մատնանշելով՝ թէ ներկայիս խառն յանձնախումբը կ՝ուսումնասիրէ այս վաւերաթուղթին ընկալման եւ կիրարկման եղանակները։ Ծագումով անգլիացի, Ս. Հենրիքոս ընկերացաւ Նիքոլա Պրիքսբիր` ապագայ Ատրիանոս Դ Պապին Շուէտ, ուր եպիսկոպոս եղաւ Ուփսալա քաղաքին 1152ին։ Սուրբ Էրիք Թ. Թագաւորին համարումը վայելող՝ Հենրիքոս ,Ուփսալայի առաջնորդին հետ միասին ուղղուեցաւ ֆինլանտիա, ուր սպաննուեցաւ բողոքականի մը ձեռքով։ Ս. Հենրիքոս 1158ին սրբադասուեցաւ ժողովուրդին կողմէ։ Ան նկատուած է հաւատքի նահատակ, պաշտպան սուրբը ֆինլանտիայի, գրանցուած հռոմէական յայսմաւուրքի մէջ եւ իր տօնը կը յիշատակուի 19 յունուարին ։ Նշենք թէ 1520ին բողոքական վերանորոգումը հաստատուեցաւ Շուէտ եւ ֆինլանտիա արքայական հրամանագրով։ Լիւտերանականութիւնը դարձաւ պետական կրօնք։ Այսօր ֆինլանտիայի մէջ լիւտերանականները կը հաշուեն 4,4 միլիոն, բնակչութեան 85 տոկոսը։ Օրթոտոքսները կը հաշուեն շուրջ 55 հազար եւ կաթողիկէները` 8.000։








All the contents on this site are copyrighted ©.