2009-01-20 13:49:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ մարտ ամսոյն պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմի քաղաքապետարանը։ Այցելութեան ընթացքին յատուկ նիստ մը պիտի կատարուի ՜՜Հռոմ քայաքը եւ կաթողիկէութիւնը՝՝ նիւթին մասին։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 9 մարտ 2009-ին պիտի այցելէ Հռոմի քաղաքապետարանը եւ այս առթիւ ճառ մը պիտի արտասանէ քաղաքապետարանի խորուրդի յատուկ մէկ նիստին առջեւ։ Նիստին նիւթն է ՜՜Հռոմի Տիեզերական արժէքը. կաթողիկէութեան մայրաքաղաք ու անոր արժէքները՝՝ այսպէս կը հաղորդագրէ Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Վերջերս Հռոմի քաղաքապետը` տիար Ճիաննի Ալէմաննօ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւն տուած էր Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւնները յայտնելու անոր։ Այդ առթիւ, քաղաքապետը պաշտօնապէս հրաւիրած է Սրբազան Հայրը այցելելու Հոռմի քաղաքապետարանը եւ խօսք առնելու քաղաքապետարանի խորհուրդի յատուկ նիստին առջեւ։

Յայտնենք թէ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եղաւ առաջին Հռոմի Պապը որ մասնակցեցաւ Հռոմի քաղաքապետարանի խորհուրդի մէկ նիստին, 1998ի 15 յունուարին։ Այդ առթիւ Հռոմի Պապը խօսքը ուղղելով հռոմէացիներուն ‘’ինքզինքս տունս կը զգամ’’ըսած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.