2009-01-20 13:54:41

Լուրեր հայ աշխարհէն

ՄԱԿի Գլխաւոր Քարտուղարը Ընդունած Է Արա Աբրահամեանը


ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն, 2009ի իր առաջին ընդունելութիւնը շնորհած է Եունէսքօի բարի կամքի դեսպան, Համաշխարհային Հայկական քոնկրէսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ՝ Արա Աբրահամեանը։

ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ Յունուար 2ին կայացած տեսակցութեան ընթացքին, Արա Աբրահամեան արծարծած է շարք մը կարեւոր հարցեր եւ հանդէս եկած՝ առաջարկներով, որոնցմէ երկուքը կը վերաբերէին տարածաշրջանային երկու կարեւորագոյն խնդիրներու կարգաւորման։

Առաջին առաջարկը՝ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղուած Միջազգային խորհրդաժողովի կազմակերպման մասին է, մասնակցութեամբ ոչ քաղաքական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ շահագրգիռ պետութիւններու ղեկավարներուն։

Երկրորդ առաջարկը՝ Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նուիրուած մէկ այլ խորհրդաժողովի մասին է՝ ՄԱԿի հովանիին ներքոյ։

ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարը յայտնած է իր հաւանութիւնը վերոյիշեալ երկու առաջարկներուն ուղղութեամբ, եւ խոստացած է անձնապէս օժանդակել անոնց կազմակերպման գործին։

Համազգայինի 80-ամեակի եւ Մարսիլիոյ Ճեմարանին հիմնադրութեան 30-ամեակի տօնակատարութիւն։

Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեանց առընթեր, Ֆրանսայի մէջ կը տօնուի Մարսիլիոյ Համազգայինի Ճեմարանին հիմնադրութեան 30-ամեակը։ Այս առիթով զանազան ձեռնարկներէն յիշենք Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանին 2009-ի պատի օրացոյցի պատրաստութիւնը, ուր կը նշուին Ճեմարանի մէջ իրագործուած ձեռնարկներ ու հայապահպանման նուիրուած նախաձեռնութիւններ։ Սոյն օրացոյցին առաջին էջը նուիրուած է հայոց Այբուբենին եւ ապա իւրաքանչիւր էջ կը ներկայացնէ լուսանկար մը՝ Ճեմարանի նորակառոյց շէնքէն, դասարանային-ուսուցչական հանդիպումներ, տնօրէնութեան եւ 30-ամեակի յանձնախումբին կատարած իրագործումներ։ Ասիկա ապացոյց մըն է, որ Եւրոպայի տարածքին միակ հայկական երկրորդական բարձրագոյն մակարդակի վարժարանն է, շնորհիւ Համազգայինին։ Մարսիլիոյ Ճեմարանի գործունեայ յանձնախումբը, ոչինչ կը խնայէ Ճեմարանը պահելու իր կրթական մակարդակով ու հայաշունչ մթնոլորտով։ Աշակերտներու թիւը կը հասնի 350-ի, դասընթացքները կը կատարուին Ֆրանսայի կրթական-պետական համակարգին հետեւելով։ Օրացոյցի Ապրիլ ամիսը կը պատկերանայ Ծիծեռնակաբերդով, կը թելադրէ չմոռնալ Այսքան չարիքը, Տէր Զօրը, մէկուկէս միլիոնին նահատակութիւնը։ Մայիս ամիսը յաղթապանծ սխրագործութեան ամիսն է, 1918, մայիս 28-ի համահայկական նուիրումով։ Սարդարապատով կոթողուած վասն անկախութեան եւ ազատութեան, հիմնադրութեամբը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան։ Հպարտութիւն ներշնչող ամիսն է՝ նուիրագործուած հայոց Եռագոյնով, որուն ծածանումը վերստին փողփողեցաւ 1991-ի սեպտեմբերի 21-ին, փլուզումէն ետք խորհրդային կոչուած ամբողջատիրական բռնակալութեան։ Ֆրանսայի նման երկրի մէջ տարածուած հայութեան ներշնչարանն է Մարսիլիոյ Համազգայինի ճեմարանը, որ տարուէ տարի կուռճանայ թիւով ու որակով, հայապահպանման ընծայաբերումով, նուիրեալ հետեւողականութեամբ, որպէսզի անմար մնայ հայոց լեզուն՝ մեր լինելութեան գրաւական, որպէսզի յաւերժանայ ազգային մեր ինքնութիւնը՝ օտար ափերուն, որպէսզի չմոռնանք ազգային մեր աւանդութիւնները, մեր արժէքները, զանոնք արժեւորենք նորագոյն սերունդին փոխանցելով։ Հայ Դպրոցն է հայուն դիմագիծը պահպանողը, օտար աշխարհներու մէջ մեզ մատնացոյց ընողը՝ մեր գոյնին, մեր լեզուին հնչեղ արձագանգով։ Մարսիլիոյ Ճեմարանի այս տարուան օրացոյցը կը փոխանցէ պատգամ մը. անիկա ամբողջ տարի մը պիտի յիշեցնէ ֆրանսահայուն, թէ ինք հայ է, որ պիտի մնայ ու դեռ պիտի շատանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.