2009-01-20 13:02:03

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։



Այսօր տեղի կունենայ Պարաք Օպամայի նախագահական երթման արարողութիւնը։ Երդման արարողութեան ընթացքին աղէտի մը պարագային(ինչպէս որ տեղեկացուցած է Սպիտակ Տունը) Պաշտպանութեան Նախարարը Պիտի Ստանձնէ Երկրին Ղեկը։ Այսպէս թէ ներկայ եւ թէ յաջորդ նախագահը համաձայնած են, որ պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց ըլլայ անձը, որ այսօր կայանալիք նախագահին երդման արարողութեան ընթացքին աղէտի մը կամ ահաբեկչական յարձակումի մը պարագային, ստանձնէ երկրին ղեկը։ Պաշտպանութեան նախարարը, որ պիտի ըլլայ յաջորդ կառավարութեան մէջ եւս, բնականաբար Ուաշինկթըն պիտի չգտնուի Օպամայի երդման արարողութեան ընթացքին։



Անմոռանալի Հրանդ Տինքի Մահուան 2-րդ Տարելիցի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրած է յուշապատին։ Նախաձեռնութեան միացած են նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարդոց հոծ բազմութիւն։ Արդարութեան հաստատման նուիրեալ ըլլալով ու ապրելով Թուրքիա՝ Տինք բարձրացուցած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ պատահական չէ, որ անոր յիշատակը կը խնկարկեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին տարածքին։Իր խօսքին մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսած է որ Հրանդ Տինքը արդարութեան, ազնուութեան, ժողովրդավարութեան, հանդուրժողականութեան մի իւրօրինակ խորհրդանիշ էր, որը չներուեցաւ ծայրայեղականներու կողմից։ Մենք վկան ու ականատեսը եղանք թուրք եւ այլ ժողովուրդների ընդվզմանը Տինքի մահուան կապակցութեամբ եւ նա իր մահով նպաստեց ժողովրդավարութեան, ազատութեան համար պայքարի յառաջդիմութեան։



Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը տեղի ունեցած է 17 Յունուարին՝ Մոսկուայի մէջ կազային խնդիրներուն նուիրուած միջազգային համագումարի աւարտէն ետք։ Ռուսիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է իր հայ գործընկերոջ՝ հրաւէրը ընդունելուն եւ համագումարին մասնակցելուն համար։ Նախագահները բարձր գնահատած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները՝ զանոնք բնութագրելով իբրեւ յուսալի եւ համարժէք՝ հայ-ռուսական ռազմավարական փոխադարձ գործակցութեան։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին կարեւոր նկատած է ուժանիւթի մարզին մէջ Ռուսիոյ եւ ՝՝Կազփրոմ՝՝ ընկերութեան հետ համագործակցութեան՝ զայն գնահատելով իբրեւ յուսալի եւ երկարաժամկէտ շահերու վրայ խարսխուած։ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ երեք անգամով ընդլայնուած են կազի սպառման ծաւալները, իսկ կազով ապահովման մակարդակով Հայաստան յառաջատար դիրք կը գրաւէ ոչ միայն ԱՊՀ-ի տարածքին, այլեւ ամբողջ աշխարհին մէջ։



Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը կը զգուշացնէ անոր համար , ՝՝որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան որեւէ ճանաչում կրնայ խանգարել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան գործընթացը՝՝։ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ալի Պապաճան ուրբաթ օրը յայտնած է, թէ ՝՝անտրամաբանական պիտի ըլլայ, որ երրորդ երկիր մը այս հարցին վերաբերեալ կեցուածք ճշդէ., Միացեալ Նահանգներու կողմէ սխալ քայլ մը պիտի վնասէ գործընթացին՝՝։ Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, Պապաճան ըսած է, թէ ՝՝Թուրքիա երբեք այսքան մօտ չէ եղած Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն բարելաւման, եւ 2009-ին բեկում մը կրնայ յառաջանալ՝՝։ 2009-ին թէ՛ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի, եւ թէ՛ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման հեռանկարը երազ մը չէ,( ըսած է ան)։



Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնակատար Պենիթա Ֆերերօ - Վալտներ յայտարարեց, ՝՝որ չափազանց կարեւոր է, որ ինչպէս Հայաստանի իշխանութիւնները, նոյնպէս ալ ընդդիմութիւնը, պատասխանատուութիւն ցուցաբերեն եւ ճիշդ ճամբայ գտնեն յառաջացած քաղաքական խնդիրները յաղթահարելու ուղղութեամբ՝՝։Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն՝ Վալտներ նշեց, որ Եւրոպական Միութեան առաջարկած նոր՝` Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագիրը համագործակցութեան լաւ առաջարկներ կը ներկայացնէ Հայաստանին, սակայն, ծրագիրին մաս կազմելու համար երկիրը պէտք է կրկնապատկէ բարեփոխումներու իր ջանքերը։



Հրանդ Տինքի Գիրքը Լոյս Պիտի Տեսնէ՝ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ։

՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի հիմադիրը ու գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ՝՝Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու դրացի՝՝ վերնագիրով գիրքը յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ հայերէնով։ Այս գիրքը լոյս տեսած է թրքերէնով 2008 թուականին՝ խմբագիրի ողբերգական մահէն մօտ 1,5 տարի ետք։ Գիրքը հեղինակին անձնական կարծիքն է, պատկերացումը եւ մտորումները հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Հրանդ Տինք կը ներկայացնէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ընդհանուր ապագան կառուցելու եւ անցեալը վերանորոգելու բոլորովին նոր մօտեցում։ Հեղինակը այդ յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակը կը բացատրէ՝ վերյիշելով պատմական անցեալը, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի հոգեխեղումի ու թուրքերու մտախաբութեան պատճառները եւ կը փորձէ հաշտեցման եզրեր գտնել երկու ժողովուրդներուն ու երկու պետութիւններու միջեւ։ Հրանդ Տինք կը քննադատէ թրքական իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, նշելով որ թուրք երիտասարդ ուղեղները նպատակաուղղուած ձեւով կը սնուցուին պատմութեան խեղաթիւրումով։Հեղինակին համար շատ աւելի կարեւոր է ոչ թէ Ցեղասպանութիւն եզրի Օգտագործումը, այլ այդ երեւոյթին Գիտակցումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.