2009-01-20 13:52:39

2009 տարին Երիտասարդութեան տարի


Վերջին վեց տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.կաթողիկոսի որդեգրած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը հրաւիրէ հայ ժողովուրդի զաւակները լուսարձակի տակ բերելու մեր հաւաքական կեանքին առնչուած նուիրական արժէք մը, լուրջ մարտահրաւէր մը կամ հիմնական մտահոգութիւն մը՝ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը աւելի՛ կազմակերպելու, մեր հոգեւոր ինքնութիւնը աւելի՛ ծաղկեցնելու ու հայեցի դիմագիծը աւելի՛ պայծառացնելու հեռանկարով։

Այս նախանձախնդրութենէն մղուած՝

2003 տարին հռչակած էր Աստուածաշունչի տարի,

2004-ը՝ Ընտանիքի տարի,

2005-ը՝ Ազգային պահանջատիրութեան տարի,

2006-ը՝ Հայ դպրոցի տարի,

2007-ը՝ Հայ լեզուի տարի,

2008-ը՝ Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարի։

Իսկ՝ 2009 տարին կը հռչակէ՝ Երիտասարդութեան տարի

Արդարեւ, վեհափառը իր պատգամին մէջ կը գրէ. երիտասարդութիւնը մնայուն ու առաջնահերթ տեղ է գրաւած մեր հայրապետական պատգամներուն, մտածումներուն ու գործունէութեան մէջ։ Ոչ միայն կարեւորութեամբ շեշտած ենք երիտասարդութեան կենսական դերը հայ կեանքէն ներս, այլ նաեւ ու մանաւանդ յատուկ ճիգ ենք թափած առաւելագոյն չափով մեր երիտասարդները ներառելու եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս։ Վերջերս ֆրանսերէն լեզուով Մեր հրատարակած գիրքը՝ Վերանորոգուած աշխարհի մը համար, ձօնեցինք հայ երիտասարդութեան, յիշեցնելով, որ ան կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի վերանորոգման մէջ։ Խօսելով դարձեալ երիտասարդութեան իւրայատուկ կարեւորութեան մասին՝ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեր նախագահութեամբ տեղի ունեցած Ազգային ընդհանուր ժողովը, իր կարգին շեշտեց, թէ՝ երիտասարդութիւնը մեր կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկն է։

Արդ, 2009 տարին Երիտասարդութեան տարի հռչակելը պարագայական կամ ձեւական երեւոյթ մը չէ։ Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար առաջնահերթ մտահոգութիւն է ու պէտք է դառնայ՝ իր լուրջ տագնապներով ու արդար սպասումներով, իր հարուստ կարողականութեամբ ու իւրայատուկ դերակատարութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.