2009-01-18 14:33:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, յունուար 19, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ փախստականներու եւ թափառաշրջիկներու օրը, Պօղոս առաքեալի օրինակը, հեթանոսներու առաքեալ, ինք անձամբ եղաւ փախստական եւ թափառաշրջիկ, կը հրաւիրէ մեզ ըլլալու անխոնջ առաքեալները Աւետարանին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց թէ այսօր կը սկսի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, անգամ մը եւս քրիստոնեայ աշխարհէն կը խնդրեմ որ իր աղօթքը բարձրացնէ Հօր Աստուծոյ յայտնելով մեր բաղձանքն ու կամքը միասնաբար ընթանալու միութեան ճամբու վրայ։ Թող ամենասուրբ կոյս մարիամը` Միութեան Տիրամայրը, ընկերանայ մեզի միութեան ճանապարհին վրայ։ եւ ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։



Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը յունուար 18-25։

2009ի խորհրդածութեան նիւթը պատրաստած է Քուրիայի կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցիներու խառն յանձնախումբը, ընտրելով որպէս բնաբան Եզէկիէլ մարգարէի գիրքէն սա խօսքը. որպէսզի մէկ ըլլան քու ձեռքերուդ մէջ։

Յառաջիկայ կիրակի յունուար 25ին` տօն Պօղոս առաքեալի դարձին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյաեան ժամասացութեամբ պիտի եզրափակէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը ներկայութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.