2009-01-18 14:34:16

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Փարիզի մէջ մահացած ֆրանսացի Օրթոտոքս Աստուածաբան՝Օլիվիէ Գլէման։ 15 Յունուարին Փարիզի մէջ վախճանեցաւ ֆրանսացի օրթոտոքս աստուածաբան Օլիվիէ Գլէման՝Եւրոպական համամիութենականութեան գլխաւոր դէմքերէն մին,որ ընդառաջելով երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Սրբազան քահանայապետի խնդրանքին պատրաստած էր 1998ի Զատկուայ Ճանապարհ Խաչի այսինքն Աւագ Ուրբաթ Օրուայ արարողութեան մտածականը։Աստուածաբանին գուժը տուաւ Սուրբ Էճիտիոսի Հասարկութիւնը յայտնելով իր ցաւակցութիւնը ՝՝քրիստոնէութեան այս մէծ անձնաւորութեան մահուան համար՝՝,որ գիտցաւ ապրիլ ցանկութեամբ այժմէակաութիւնը պատմութեան՝ արմատացած Եկեղեցւոյ հայրերու ողջ աւանդութեան եւ Արեւլքի քրիստոնէութեան հոգեւոր կեանքին մէջ։



ԳԷՆԻԱ։ Իտալացի միսիոնար մը 82ամեայ հայր Ճուսէփփէ Պէրթայինա 16 Յունուարին սպաննուած՝ Նայրոպիի մէջ։ Կրօնաւորը 1927ին Հիւսիսային Իտալիայ ծնած,1951ին քահանայ ձեռնադրուած,աւելի քան 30 տարիէ ի վեր իր առաքելութիւնը կը կատարէր Գէնիայ., այժմ Գոնսոլաթայի Միսիոնարներու

Փիլիսոփայութեան Հինարկի վարիչին էր։ Իտալիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Ճանֆրանքօ ֆինի ցաւակցական հեռագիր մը յղելով Հայր Պէրթայինայի պատկանած Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորին կը յայտնէ ՝՝իր եւ Իտալիոյ Խորհրդարանի բոլոր երեսփոխաններու խոր ցաւակցութիւնը ի լուր Հայր Ճուսէփփէ Պէրթայինայի ողբերգական սպաննութեան, զոհը գողութեան արարքի մը՝՝

ՆԱՅՐՈՊԻ։ Ամերիկայի նոընտրեալ նախագահ Պարք Օպամայի ափրիկեցի մեծմայրիկը իր ծնած գիւղէն(Նուանկոմա Գոկէլօ) Նայրոպի ժամանած է,ուրկէ յառաջիկայ ուրբաթ օրը պիտի մեկնի Վաշինկթըն ներկայ ըլլալու համար իր թոռնիկի գահակալութեան արարողութեան։ ՝՝Պարաք զիս տեսնելով շատ պիտի ուրախանայ վստահ եմ ՝՝ (ըսած է ան) Գէնիական ՝՝Ըսթանտարտ՝՝թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, արդարեւ՝՝իմ ներկայութիւնը իրեն համար շատ նշանակալից է՝՝։ Մամա Սարահ(անունը Օպամայի մեծ մայրիկի) ոչ առանձին եւ ոչ ալ պարապ ձեռքով կը մեկնի Վաշինկթըն.ան իր հետ կը տանի նուէրներ,ընդ որս Լուօ հասարակութեան (Գէնիյաի գլխաւոր համայնքներէն մին) յատուկ ընծաներ... նախ եւ առաջ երեք ոտքով ցած բայց ամուր աթոռակը, ապա հսկայ ճանճ վտարող մը,հուսկ վահան մը... աւանդական առարկաները Ափրիկեցի Ցեղապետերու ,անշուշտ կը պակսի ՝՝սուր՝՝ը ։Ապահովական պատճառներու համար Օպամայի ափրիկեցի մեծմայրիկին բացատրած են որ ՝՝այդ առարկան իր հետ չի կրնար տանիլ՝՝. Նուէրներէն զատ Մամա Սարահի հետ Վաշինկթըն կը մեկնին նաեւ տասնեակ մը ազգականներ։



ՍՊԱՆԻԱ։ ՝՝Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին՝՝ կոչուած Եկեղեցական Բարեգործական Մարմինի Սպանական մասնաճիւղը կը միտի կառուցանել Թեմական Կեդրոն մը Չինաստանի մէջ։ Նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ ՝՝Զօրակցութիւն Չինաստանի մէջ մոռցուած Կաթողիկէներուն հետ՝՝ կոչուած քարոզչութեան,սկիզբ տրուած COPE-ի ,այն է Սպանական Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի կապ Ձայնասփիւռային Ցանցի կողմէ. ծրագիրը պիտի արժէ շուրջ 85հազար Էուրօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.