2009-01-18 14:34:00

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ ընդունեց Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութիւնն եւ ուսուցչակազմը:


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունելով Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի՝ Գ. Հարպոյեան Վարժարանի Տնօրէնութիւնը որոնք Ս. Ծնունդի եւ Ամանորի առթիւ այցելութիւն տուին Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ, բարձր գնահատեց ուսուցչական ասպարէզը ու նաեւ գերագնահատեց հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը։ Ապա Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց հայ կաթողիկէ դպրոցին իմաստն ու գոյութիւնը լիբանանեան խճանկարին մէջ։ ՜՜Մենք զմեզ պարտաւոր ենք արդարացնելու որպէս հայ կաթողիկէ դպրոց, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, որովհետեւ մենք խոր հաւատքով կը թրծենք մեր աշակերտները թէ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ թէ հայեցի դաստիարակութեամբ, հետեւաբար հայ աշակերտը մեր վարժարաններու մէջ կը թրծուի որպէս ամբողջական հայ՝՝։



Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովը։

Հինգշաբթի, 15 յունուար 2009-ին, Մարոնի եկեղեցւոյ համագումարներու կեդրոնատեղիին մէջ, Հարիսա, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցան 25 անդամներ, խորհուրդի բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղար Կրկես Սալեհի։ Միօրեայ հանդիպման հիմնական օրակարգը տնտեսական վարչական կարգ մը հարցերու քննարկումն էր։ Համագումարին նախագահեց Արամ Ա կաթողիկոս եւ այս առիթով իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ապա անդրադարձաւ շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդին։ Եկեղեցիները անհրաժեշտօրէն պէտք է քայլ պահեն իրենց շրջապատին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ յառաջացող մտահոգութիւններուն հետ ըսաւ Արամ Ա. նշելով ՝ որ կարելի չէ անտեսել միջազգային տագնապը, շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումները, մարդկային իրաւանց անտեսումը, զանազան ձեւերով արտայայտուող բռնութիւնները ու Կազայի մէջ պարզուած ողբերգական վիճակը։ Վեհափառը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիները ներկայացնող կառոյց, պէտք է արտայայտէ եկեղեցիներու հաւաքական կամքը եւ ծառայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.