2009-01-17 11:20:52

Հայ քրիստոնեայ մը կը սպաննուի Մուսուլին մէջ, Հիւսիսային Իաքին մէջ վախը դարձեալ կը համակէ քրիստոնեայ փոքրաթիւ հասարակութեան վրայ, ։


Մուսուլի մէջ գտնուած է Շողիկ Բագրատ անունով՝ 36-ամեայ հայու մը մարմինը, հաղորդած է ԱսիաՆիւզ կաթողիկէ լրատու գործակալութիւնը։ Ան բազմաթիւ փամբուշտներ ստացած է իր գլուխը։ Գաղտիացիներու արքեպիսկոպոս գերապայծառ Լուի Սաքօ մամուլին յայտարարած է թէ Շողիկ Բագրատ ենթակայ եղած է ձախորդ արեւանգումի, սակայն զոհը ինքզինք պաշտպանած է եւ ոճրագործերը զինք սպաննած են։ Հանգուցեալը կ՛աշխատէր տպարանի մը մէջ։ Անոր մարմինը գտնուեցաւ Ալ Պաքր կոչուած արեւելեան Մուսուլի թաղամասին մէջ։ Գերապայծառ Լուի Սաքօ մամուլին յայտնած է թէ Ամանորին՝ նման դէպք մը պատահած է, եւ արեւանգողները 50 հազար տոլար ստանալով՝ ազատ արձակած են բանտարկեալը։ Դժբախտաբար քրիստոնեայ հասրակութիւնը թիրախ է ոճրագործերու, որովհետեւ քրիստոնեան ոխակալ չէ։ Գաղտիացի եպիսկոպոսը իր այս ելոյթին ընթացքին յայտնած է թէ յառաջիկայ մայիս 12ին Էրպիլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գաղտիացի եպիսկոպոսներու սիւնոդոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.