2009-01-17 11:21:25

Լուրեր հայ աշխարհէն - Հայ ծերունիներուն նուիրուած տօնակատարութիւն Պէյրութի մէջ


Կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին, Չորեքշաբթի, 14 յունուար 2009-ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ‘’ծերունիներու յատուկ’’ Ամանորի հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ. Գեղամ եպս Խաչերեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետը, եւ գերյ. Սարգիս վրդ Դաւիթեան Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը. նաեւ ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հաւաքի բացումը կատարելով Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, ըսաւ որ այս հանդիպումը կազմակերպիչներուն սիրոյ անկեղծ արտայայտութիւնն է ծերունիներուն հանդէպ անոնց ներկայութիւնը. երիտասարդութեան համար օրհնութիւն է, իսկ անոնց նկատմամբ յարգանքը՝ իւրաքանչիւրին պարտաւորութիւնն է։

Բացման խօսքէն ետք գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ելոյթ ունեցան Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս Ագնէս վարժարանի եւ Ազգ Յակոբեան քոլեճի աշակերտները երգերով, ասմունքներով ու պարերով, ապա լիբանանահայ երգչուհի Քարմեն Աճեմեան հանդէս եկաւ շարք մը ժողովրդային երգերով։

Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեան,ան ըսաւ որ ՜՜ ֆիզիքական ծերութիւնը կարեւոր չէ եւ հիմնականը հոգիին երիտասարդութիւնն է որ տարիք չի ճանչնար ,եւ մեծ հարստութիւն է : Ծերունիները հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը պէտք է վերադարձնեն եւ զայն փոխանցեն հայ երիտասարդութեան, քանի որ մեր արժէքները վտանգի մէջ են։ Ապա Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սարգիս վրդ Դաւիթեան ըսաւ, թէ պէտք է կառչիլ քրիստոնէութեան ու ունենալ ամուր հաւատք՝ շարունակելու համար կեանքին ընթացքը։ Իսկ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր Սողոմոն Քիլաղպեան նշեց, թէ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, ազգին, մեր զաւակներուն եւ բոլոր միութիւններուն, որոնք կօգնեն ու կը ստեղծեն ուրախ մթնոլորտ՝ ծերունիներուն համար։ Հաւաքոյթի ընթացքին Կաղանդ պապան ներկաներուն բաժնեց նուէրներ, որոնք տրամադրուած էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ լիբանանահայ հայրենակցական միութիւններուն կողմէ։

Յուշ-ցերեկոյթ նուիրուած Մուշեղ Գալշոյեանի 75-ամեակին

Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ Դեկտեմբեր 16-ին, տեղի ունեցած է Մուշեղ Գալշոյեանի 75-ամեակին նուիրուած յուշ-ցերեկոյթ, որուն ընթացքին գրողի այրին՝ Ագնեսա Ղափլանեան, յայտնած է Հողի ու հայրենիքի մեծ սիրահար, իր ժողովուրդին ու երկրին նուիրուած մտաւորական էր Մուշեղ Գալշոյեան։ Ան նշած է, թէ գրողին մեծագոյն նպատակն էր հոգեւոր կամուրջ մը ստեղծել Եղեռնէն վերապրած հայութեան ու երիտասարդ սերունդին միջեւ ան յուշեր պատմած է ըսելով, թէ Գալշոյեան անգնահատելի մարդ էր թէ՛ իբրեւ գրող, թէ՛ իբրեւ ամուսին ու հայր։ Անդրադառնալով խորհրդային ժամանակաշրջանի ապազգային ուսուցման արշաւին եւ խօսքի ազատութեան կապանքներուն՝ Ղափլանեան յայտնած է Ան չունէր թշնամի, սակայն կընդդիմանար բոլոր անոնց, որոնք կը խանգարէին իր ստեղծագործութեանը այս թեմայով։ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի խօսքով, դժուար է պատկերացնել երիտասարդ տարիքին կեանքէն հեռացած Գալշոյեան՝ 75 տարեկան հասակով։ Ան մնայուն երիտասարդ է եւ հասարակական-քաղաքական բոլոր իրավիճակներուն մէջ ներկայ է ստեղծագործութիւններով ու խօսուն գաղափարներով։ Անանեան նշած է, թէ մեծ արձակագիրը կը փորձէր ստեղծել Հայոց դիւցազներգութեան Ե.ճիւղը որ ցաւօք չամբողջացաւ, սակայն գրողը յաջողեցաւ իր յօդուածներով եւ հրապարակախօսութիւններով հոգեւոր կապ ստեղծել արեւմտահայ եւ արեւելահայ կերպարներու միջեւ, ու այսպիսով՝ երկու Հայաստանները մէկ բնօրրանի վերածել։ Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանտր Պոժքօ՝ իբրեւ թարգմանիչ, նկատեց, որ գալշոյեանական բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կարօտէն աւելի հզօր է անոր տխրութիւնը, որ, ըստ անոր, կը դիւթէ մարդու հոգին եւ կը դարձնէ աժդահայ հերոսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.