2009-01-16 13:34:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետին գործունէութիւնը

Սրբազան Պապը կ՛ողջունէ իտալական ոստիկանութիւնը, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Վատիկանի շրջանը պաշտպանելու։


Վատիկանի շրջանը պաշտպանող ոստիկանութիւնը ընդունելով Նոր Տարուան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը հրաւիրեց զանոնք որ պաշտպանութեան իրենց պարտականութիւնը նկատեն որպէս առաքելութիւն։ Ձեր այս պարտականութեան մէջ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) դուք եղբայրօգնութեան ծառայութիւն եւ անձնական բարձրացում կը կատարէք։ Արդարեւ ոստիկանական անվտանգութեան մարմնի առաքելութիւնը կը կայանայ կարգ ու կանոնը համադրելու մէջ, տալով ուշագրաւ հիւրընկալութիւն Վատիկան այցելող ուխտաւորին եւ զբօսաշրջիկին։

Սրբազան Քահանայապետին գնահատումով ոստիկանութեան ծառայութիւնը այդպէսով կը դառնայ աղօթք, Աստուծմէ շատ գնահատուած աղօթք մը, որ առ երեւոյթ քիչ գոհացուցիչ, միապաղաղ եւ յոգնեցուցիչ է. մասնաւորապէս՝ գիշերը եւ երբ օրերը ծանր կը դառնան կլիմայի հետեւանքով։



Ուրբաթ 16 Յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ընդունեց

կարտինալ Վարելա` Մատրիտ թեմի առաջնորդը, ու Իրանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 4 եպիսկոպոսները` եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ժողովի կը կանչէ ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոսները ընտրելու Անտիոքի ասորիներու պատրիարքը։

Սրբազան Քահանայապետը մղուած հայրական հոգատարութենէն եւ հիմնուելով Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքի 72-րդ համարի, երկրորդ յօդուածին վրայ, եպիսկոպոսական սիւնոդոսի կը հրաւիրէ, Անտիոքի ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոսները, ընտրելու՝ Անտիոքի ասորիներու կաթողիկէ պատրիարքը։ Եպիսկոպոսական սիւնոդոսը պիտի գումարուի , Հռոմ, յունուար 17-23։

Սիւնոդոսի առաջին երկու օրերուն նախատեսուած է աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահեր։ Անտիոքի ասորիներու կաթողիկէ սիւնոդոսը պիտի գլխաւորէ կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրին` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի։








All the contents on this site are copyrighted ©.