2009-01-16 13:29:47

Հայկական Երաժշտութիւն - Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Սպիրիդոն Մելիքեան


 Սպիրիդոն Մելիքեան ծնած է Վաղարշապատ – այժմու Էջմիածին – 1880-ին.1902-ին, աւարտելէ ետք իր ուսումները Գէորգեան Ճեմարանին մէջ, դասաւանդած է նոյն դպրեվանքին մէջ մինչեւ 1905, ըլլալով Կոմիտաս Վարդապետի օգնական խմբավար։ Ապա մեկնած է Պերլին եւ 1905-1908 աշակերտած է Ռ. Շմիթի, ուսումնասիրելով երաժշտութեան տեսութիւնն ու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբավարութեան արուեստը. Կը մշակէ նաեւ իր ձայնը եւ կը դառնայ Շուշի, ուր 1908-1909 կ՛ուսուցանէ երաժշտութիւնը թեմական դպրոցին մէջ ու կը խմբավարէ տեղւոյն երգչախումբը։

1909-1921 կը դասաւանդէ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ, զգալիօրէն բարձրացնելով մակարդակը երաժշտութեան եւ խմբական երգեցողութեան։ Նոյն քաղաքին մէջ շատ մը դասախօսութիւններ կատարած է եւ հրատարակած է երգեցողութեան վերաբերեալ արժէքաւոր դասագրքեր։

1921-ին կ՛անցնի Երեւան եւ մայրաքաղաքի զանազան դպրոցներուն մէջ` կը դասաւանդէ երաժշտութիւնը։ 1924-էն մինչեւ իր մահը դասախօս եղած է Երեւանի Գոնսերվաթորիային մէջ եւ խմբավարած է զանազան երգչախումբեր, տալով յաջող համերգներ Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ։ Իրեն կը պարտինք նաեւ շատ մը ժողովրդական երգերու կորուստէ փրկութիւնը, անոնց նօթագրութեամբ եւ դաշնաւորումով։

Ձեռնարկած է նաեւ հսկայ աշխատութեան մը, Ուրուագիծ հայ երաժշտութեան պատմութեան, որ հրատարակուած է իր մահուընէ ետք միայն։ Սպիրիդոն Մելիքեան մահացած է Երեւանի մէջ, 4 մայիս 1933-ին։

Իր գործերը

Անդրանիկ ստեղծագործութիւնն է Աղթամար Պալլէթը, սիմֆոնիք նուագախումբի համար, ըստ Յովհաննէս Թումանեանի վիպակին։

Ժողովրդական երգերու հաւաքածոներ ունի, որոնց բառերը առնուած են հայ բանաստեղծներու գրութիւններէն, ինչպէս զոր օրինակ Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններէն. Առաջին հաւաքածոներէն մին է Մեներգներ եւ խմբերգներ որոնցմէ մի քանին նշանաւոր դարձած են. Քելեր ցոլեր, Ծամթել, Թխկոնդայ, եւայլն։

Ունի ուրիշ հաւաքածոյ մը, Շիրակի երգեր անուան տակ, հրատարակուած 1917-ին, Տէր Ղեւոնդեանի մասնակցութեամբ։ Ունի նաեւ երկու հատորով` Հայ ժողովրդական երգեր եւ պարեր, հրատարակուած իր մահուընէ ետք` 1949-52-ին։

Իր աշակերտներէն` Գարտաշեանի Վանայ ժողովրդական երգերը հրատարակած է յառաջաբանով, 1927-28-ին։ սակայն անգնահատելի կերպով սատարած է հայ երաժշտութեան, հրատարակելով 1931-ին Կոմիտաս Վարդապետի Ազգագրական ժողովածուն, որը այլապէս յաւերժ կորած պիտի ըլլար։

Յիշեք նաեւ իր կարեւոր գրութիւններէն, երաժշտութեան պատմութեան եւ ընդհանուր տեսութեան վերաբերեալ.

Յունական ազդեցութիւնը հայ երաժշտութեան տեսականի վրայ, 1914-ին։

Հայ ժողովրդական երգի Կամմաները, 1930-ին։

Կոմիտասի ստեղծագործութիւնների անալիզը, 1932-ին։

Եւ ինչպէս վերը յիշեցինք` Ուրուագիծ հայ երաժշտութեան պատմութեան շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը, հրատարակուած յետ մահու, 1935-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.