2009-01-16 12:34:29

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։



Ըստ ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ լրատու գորթակալութեան ՝՝Իսրայէլ կը մերժէ զինադադար հաստատելու Համասի պայմանները՝՝ ։ Իսկ Ցիփի

Լիվնի երէկ երեկոյեան Ուաշիկթըն մեկնած է՝ Միացեալ Նահանգներու հետ դէպի Կազա մաքսանենգումը կասեցնելու միջոցառումներուն շուրջ համաձայնութիւն մը կնքելու համար։ Իսրայէլ Կազայի դէմ իր յարձակումին 20-րդ օրուան ընթացքին իր ռմբակոծումներուն սաստկութեան մէջ մագլցում արձանագրեց՝ ռմբակոծելով Կազայի խճողուած թաղամասերը, հարուածելով ՄԱԿ-ի մէկ կեդրոնը եւ լրատուամիջոցներու մէկ շէնքը։ Իսրայէլ նաեւ սպաննեց Համասի ղեկավարներէն, պաղեստինեան ազգային միասնականութեան լուծարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Սայիտ Սիամը։

ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն(ՄԱԿ-ի Օժանդակութեան աշխատանքներու գործակալութիւնը) յայտնեց, որ իր կեդրոնը, ուր 700 պաղեստինցիներ պատսպարուած էին երկու անգամ իսրայէլեան հարուածի ենթարկուած է եւ իր անձնակազմի անդամներէն երեքը վիրաւորուած են։

Պաղեստինցիք իրենց կարգին երէկ Իսրայէլի վրայ 30 հրթիռ արձակեցին։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի կեդրոնին ռմբակոծումը ՝՝ցնցիչ՝՝ որակեց։ Հետագային Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ, Պան Քի Մունի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ՝՝ներում խնդրեց՝՝ դէպքին համար, սակայն պնդեց, թէ պաղեստինցի զինեալներ կեդրոնէն հրացանաձգութիւն կատարած են։



Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթ եւ Ժորժ Քոլոմպիէ երէկ այցելեցին Հայաստան ,եւ իրենց հանդիպումներուն սկսան Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի հետ տեսակցելով։ Ճոն Փրեսքոթ եւ Ժորժ Քոլոմպիէ երէկ հանդիպում ունեցան նաեւ 1-2 մարտի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով ստեղծուած փաստահաւաք խումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Օրուան երկրորդ կիսուն համազեկուցողները ընդունուեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։



Իսկ Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ռուսական ՝՝Ինթըրֆաքս՝՝ լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, ՝՝որ առայժմ կանուխ է պատասխան տալու այն հարցումին, թէ Հայաստանի մէջ կա՞ն քաղաքական բանտարկեալներ՝՝։ Այդպիսի գնահատականներ տալը կանուխ է, յատկապէս անոր համար, որովհետեւ հարցը դատարանին մէջ է,( ըսած է ան)։ Անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի Խորհըրդարանական վեհաժողովի յառաջիկայ նստաշրջանին հայաստանեան պատուիրակութիւնը քուէարկելու իրաւունքէ զրկելու հաւանականութեան, Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, որ ՝՝ներքաղաքական հարցերը կորոշուին մեկնելով Հայաստանի եւ ոչ թէ արտաքին ուժերու շահերէն՝՝։



Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան պիտի մասնակցի նախագահ Պարաք Օպամայի որպէս նախագահ երդման արարողութեան։ Ամէն ինչ պատրաստ է ԱՄՆ 44.րդ նախագահ Պարաք Օպամայի երդման արարողութեան համար, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունուար 20ին։ Յիշատակի նուէրներ պատրաստուած են, այդ օրը ժողովուրդին բաժնելու համար։ Ուրախութեամբ նշենք, որ ամերիկայ լոյս տեսնող ՝՝Ասպարէզ՝՝ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատուրեան հրաւիրուած է մասնակցելու սոյն արարողութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներուն միշտ նեցուկ կանգնող Մանաս Պուճիքեանը։



՝՝2008 թուականին Հայաստան ապրած է քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու իր ամենալուրջ ճգնաժամը՝ անկախութենէն ի վեր՝՝, այսպէս արձանագրած է Human Rights Watch Մարդկային Իրաւանց միջազային կազմակերպութիւնը՝ իր նոր հրապարակած զեկոյցին մէջ։

Միջազգային փորձագէտներու համոզումով, Մարտի 1-ին անվտանգութեան ուժերը անհամեմատ ուժ կիրառկած են՝ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներու դէմ բողոքող քաղաքացիներու նկատմամբ, իսկ Մարտի 1-էն յետոյ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը ժամանակաւորապէս սահամանափակած է շարք մը հիմնարար իրաւունքներ։ Երկու գործողութիւններն ալ լայն քննադատութեան արժանացան միջազգային հանրութեան կողմէ, (կը նշուի Human Rights Watch-ի զեկոյցով)։ Զեկոյցին համաձայն, անցեալ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ոտնահարուած է նաեւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը, բռնութիւններ գործադրուած են իշխանութիւնները քննադատող լրագրողներուն նկատմամբ։

Ընդհանուր առմամբ, ըստ սոյն զեկոյցին, ՝՝խոշտանգումներն ու ազատազրկուածներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքը կը մնան լայնօրէն տարածուած երեւոյթ՝ Հայաստանի բանտերուն մէջ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.