2009-01-15 13:09:44

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Շրջաբերական թուղթի մը հրատարակումը ընկերային նիւթին մասին։


Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ՝ Վատիկանի պետական քարտուղարը, նախքան Մեքսիքա մեկնիլը, մասնակցելու՝ ընտանիքի համաշխարհային Զ. հանդիպումին, որպէս քահայանապետական նուիրակ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ խօսեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան մասին ափրիկեան երկու երկիրներու յառաջիկայ Մարտ ամսոյն մէջ։ Ապա, յայտնեց Ծիրանաւորը , Սրբզ. Քահանայապետի հայեացքը պիտի ուղղուի Ասիա, քանի որ Արաբական եւ Ծայրագոյն Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներէն հրաւէրներ ստացած է։ Անդրադառնալով ներկայ տնտեսական տագնապին՝ որ կը մտահոգէ Եկեղեցին, կարտինալ Պերթոնէ յայտնեց թէ Սրբզ. Քահանայապետը այդ տագնապին մասին կը խօսի շրջաբերական թուղթին մէջ, որ մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ։



Առաքելական Ներքին Ատեանի ժողովը` ՜՜Ապաշխարութեան խորհուրդը՝՝ նիւթին մասին։

Յունուար 13-14. Առաքելական Ներքին Ատեանը, առաջին անգամուան համար գիտաժողով մը կազմակերպեց ունենալով որպէս նիւթ. Առաքելական Ներքին Ատեանը եւ ապաշխարութեան խորհուրդը` պատմական, իրաւագիտական, աստուածաբանական եւ հովուական հեռանկարներ։ Ս. Աթոռի երեք Ատեաններն են. Ամուսնութեան Դատերու Քահանայապետական Բարձրագոյն Ատեանը, Առաքելական Բարձրագոյն Ատեանը եւ Առաքելական Ներքին Ատեանը։

Յայտնենք թէ՝ Առաքելական Ներքին Ատեանը հիմնուած է 12-րդ դարու աւարտին։ Անոր պաշտօնն էր յանուն Սրբազան Պապին լսել խոստովանողներու անհատական եւ հրապարակային մեղքերը եւ արձակել մեղապարտները։ Այդ Ատեանը հիմնուեցաւ գոհացում տալու՝ Հռոմ եկած բազմաթիւ ուխտաւորներուն, որոնց նպատակն էր մեղքերու արձակում ստանալ։ Քահանայապետը իր բազմաթիւ գործերուն պատճառաւ եւ չունենալով բաւական ժամանակ, պաշտօն կու տար կարտինալի մը այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար։ Կարտինալը իր կարգին, Հռոմի աւագ տաճարներու համար խոստովանահայրեր կը նշանակէր։ Այդ սովորութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.