2009-01-15 12:26:26

Կրօնաբարոյական հարցեր' Ինչ որ ունինք ստացած ենք


  Մեզմէ ամէն մէկը բոլորովին զուրկ էակ մըն է ամէն ինչէ. Ինչ որ ունինք, ստացած ենք ուրիշէն։ Մինչդեռ ամենափոքր անասունն անգամ, հազիւ աշխարհ գայ, արդէն կեանքի մէջ կը նետուի եւ առանձին ինքզինք կարող է կարգադրել, մարդ արարածը բոլորովին կը յանձնուի ուրիշներու ձեռքը, մինչեւ որոշ հասունութեան հասնի ինքզինք կարենալ կառավարելու համար։ Ասոր համար, կը բաւէ դիտել նորածին մանուկ մը, ան բոլորովին անզէն է կեանքի առջեւ. Ամէն ինչ կը ստանայ իր ծնողքէն եւ իր շուրջիններէն։ Առանձին ոչինչ կրնայ ընել։ Նոյնիսկ իր խելքն ու միտքը պէտք ունին սորվելու, եւ գիտութիւն ամբարելու, մտաւորական գետնի վրայ յառաջ երթալու համար։

Այս զրոյցին մէջ` նկատի կ՛առնենք նախ եւ առաջ միայն մեր նիւթական ստացուածքները ուրիշներէն։ Նիւթական աշխարհը մեր մարմնոյն կու տայ սնունդը, հագուստը, բնակարանը, հարկ եղած գործիքներն ու միջոցները հանգստաւէտ կեանք մը ապահովելու համար մենք մեզի։ Սակայն եթէ ուշադիր չըլլայ, եւ գոհանայ միայն նիւթական ստացուծքներով, մարդ արարածին սիրտը շուտով կը կապուի անոնց եւ ամէնէն մանր կորուստը մեծ ցաւի ու յուսախաբութեան պատճառ կը դառնայ։ Կը նեղուինք երբ օդանաւի ուշացում ըլլայ, երբ ինքնաշարժի անիւը պայթի, երբ գրիչին մելանը վերջանայ, երբ կերակուր մը մեր ուզածին պէս չէ եփած, եւայլն...։

Նիւթական յառաջդիմութիւնը յաճախ պատճառ է նաեւ յետադիմութեան կեանքի ապրելակերպին մէջ. Ռատիոն, հեռատեսիլը, այսօր` Ինդերնեդ-ը մեզ երթալով աւելի կը վարժեցնեն ծուլութեան, մեղկութեան ու անգործութեան. Մեր զգայարանքները կը կորսնցնեն յաճախ իրենց արթնութիւնն ու զգայնութիւնը։ Մեր միտքը կը դադրի աշխատելէ, հաշիւներ ընելէ, լուծումներ գտնելէ, պրպտուքներ կատարելէ... այդ բոլորը կը կատարեն ամենայն հաւատարմութեամբ արդի մեքենաները, հաշուիչ մեքենան, համակարգիչը, Ինթերնեդը։

Ուստի մեր մարմնոյն համար պէտք ունինք նիւթական աշխարհի ընծայած բարիքներուն, սակայն հարկ է չափաւոր ըլլալ անոնց գործածութեան մէջ որպէսզի մեր մարմինը չլխկի եւ մեր միտքը չջրոտի. Զգոյշ ըլլալու է մանաւանդ նորանոր վարժութիւններու մէջ իյնալէ որոնք անզգալաբար մեզ կը տանին ծուլութեան եւ անփութութեան։

Նիւթական աշխարհին պէտք ունինք նաեւ մեր հոգւոյն համար, զայն սնուցանելու եւ աճեցնելու դիտումով։ Ինչպէ՞ս։ Մեր միտքը կ՛արթննայ երբ կը յայտաբերուի աշխարհը մեր հինգ զգայարանքներուն առջեւ. Ամիսներ պէտք են պզտիկի մը համար գոյները զանազանելու, տարիներ` բառերը իրարու քով շարելու եւ նախադասութիւն մը կազմելու, զինք շրջապատող անձերը իրարմէ զանազանելու. Մէկ խօսքով` հոգեկան մեր բոլոր հարստութիւնը կը ստանանք յենելով մեր զգայարանքներուն վրայ։

Մաթեմաթիկոսը իր գիտութեան գագաթնակէտին հասնելու համար, սկսած է նախ փայտիկները քով քովի շարել ու հաշուել. Մեծագոյն փիլիսոփան` իր մտքի խորհուրդները բացայայտելէ առաջ` սկսած է տառերը սորվիլ այբենարանի մը միջոցաւ. Ճարտարապետը` իր ծունկերուն վրայ յառաջանալով, սկսած է չափչփել սենեակի մը տարածութիւնը. Նկարիչ-արուեստագէտը` փոքր տարիքին` հմայուած է լոյսի ճառագայթներով եւ փայլով։

Հոգւոյ կրթութիւնը կախում ունի զգայարանքներէն, սակայն հետագային պիտի տեսնենք թէ ինչպէս հոգին` իր կարգին տէրը պէտք է ըլլայ զգայարանքներուն։

Յաջորդիւ պիտի խօսինք հոգեկան աշխարհէն մեր ստացածներուն շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.