2009-01-14 13:58:33

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։


 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ Մը՝Գաղութային Լուրերուն։

Իսրայէլեան բանակը կը շրջապատէ Կազան. այսօր Միջին Արեւելք կը ժամանէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն։Պաղեստինեան դիմադրութեան զանազան խմբաւորումներ յայտարարեցին, որ Կազայի մէջ շարունակուող բախումներուն ընթացքին սպաննած են շարք մը իսրայէլացի զինուորներ եւ վիրաւորած բազմաթիւ ուրիշներ։ Իսրայէլեան ուժեր կը փորձեն յառաջանալ դէպի Կազայի խորքը եւ կը շարունակեն բուռն կերպով ռմբակոծել Կազայի տարբեր շրջաններ։ Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով երէկ պաղեստինցի զոհերուն թիւը 1000-ի բարձրացաւ,իսկ վիրաւորներունը՝ 4418-ի։Միւս կողմէ, բրիտանական ՝՝Ինտիփենտընթ՝՝ օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդը Կազայի վրայ յարձակումին հարցով երկփեղկուած է։ Ըստ օրաթերթին, արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնի եւ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք ճնշում կը բանեցնեն զինուորական գործողութիւնը կանուխ աւարտելու համար(նկատի առնելով Փետրուարի ընտրութիւնները) իսկ վարչապետ Էհուտ Օլմերթ կը պնդէ ճակատումը մինչեւ վերջ շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ։Ըսենք նաեւ որ Երուսաղէմի ԳԱՐԻԹԱՍ կաթողիկէ բարեգործական Մարմնի բժշկական կեդրոնը եւս Կազայի մէջ իսրայէլեան ռումբերու թիրախ դարձած է։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Իրաքի մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու առաքելութեան աւարտին առնչութեամբ նամակ մը յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին 2005 թուականէն ի վեր Իրաքի բազմազգի ուժերու կազմին մէջ հայկական ուժերուն մասնակցութեան համար։ Միացեալ Նահանգներ կակնկալեն շարունակել հետագայ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն շուրջ՝ Հարաւային Կովկասի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ, մասնաւորապէս( կ՝ըսուի Ճորճ Պուշի նամակին մէջ)։

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկումի յանձնախումբի համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթ, Ժորժ Քոլոմպիէ եւ յանձնախումբի քարտուղար Պաս Քլայն վաղը Երեւան պիտի այցելեն։ Համազեկուցողներու այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ նախատեսուած են Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Սիլվիա Զեհէի, Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեանի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի հետ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաղը պիտի ընդունի Ճոն Փրեսքոթը եւ Ժորժ Քոլոմպիէն։ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրեսէն եւ Ազգային ժողովի միակ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն խմբակցութենէն ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին փոխանցած են, որ համազեկուցողներուն հետ հանդիպման առաջարկ առայժմ չէ ներկայացուած իրենց։

Միւս կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 20 յունուարին Երեւան պիտի այցելեն։Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա ազրպէյճանական Թրենտ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ շրջան այցելութեան ընթացքին միջնորդները 19 յունուարին Պաքու պիտի այցելեն։

Թուրքիոյ մէջ ՝՝Էրկենեքոն՝՝ կոչուած դատավարութեան կապակցութեամբ( որ նման երկրաշարժի կը ցնցէ թուրքիան) թրքական մամուլը շշմեցուցիչ տեղեկութիւններ կը հրապարակէ։ Թրքական օրաթերթերը երէկ դարձեալ լայնօրէն անդրադարձան Յատուկ գործողութիւններու բաժինի նախկին ղեկավար Իպրահիմ Շահինի կողմէ պատրաստուած մահափորձերուն ցանկին։ Մահափորձի համար ճշդուած կամ որոշուած մարդասպաններուն պիտի յանձնուէին քանի մը անուններ՝ արձանագրուած բջիջային հեռաձայններու վրայ։ Կարգախօսը պիտի ըլլար ՝՝Փոթորկոտ Օրեր՝՝։ Անմիջապէս, որ իրենց բջիջային հեռաձայնէն Փոթորկոտ Օրերու պատգամը ստանային, ոճրագործները մահափորձը պիտի գործադրէին իրենց վերապահուած թիրախին դէմ։ Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ մահափորձի համար իբրեւ թիրախ ընտրուած անձերու ցանկը կը գլխաւորէր Պոլսոյ հայոց պատրիարքը Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը։Ոճրագործները լաւ մը ուսումնասիրած էին պատրիարքին շրջապատը եւ պատրաստած էին բոլոր մանրամասնութիւնները։ Բացայայտուեցաւ նաեւ որ Էրկենեքոն կոչուած կազմակերպութիւնը ծրագրած էր նոյն թուականին եւ նոյն ժամուն սպաննել նաեւ Սվազի մէջ հայ համայնքի ղեկավար նկատուած ոսկերիչ Մինաս Կիւլերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.