2009-01-14 14:23:35

 Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Անկոլայի եկեղեցւոյ դրական սատարը երկրին համերաշխութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։


Յառաջիկայ մարտ 20-23 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Անկոլա ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ Տոս Սանդոսի հրաւէրին։ Այս առթիւ Անկոլայի եկեղեցին ներկայացուցած է 2008ի գոհացուցիչ հաշուեկշիռը։ Եկեղեցին մեծապէս սատարած է երկրին ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան հաստատումին համար։ 2008ին եկեղեցական իշխանութիւնները նոր սերունդը հրաւիրած է հեռանալու’ ոգելից ըմպելիներէն, թմրեցուցիչներէն եւ չարագործութիւններէն ։Արդարեւ տեղական մամուլը ընդգծած է ոճիրներու նահանջը։ Երկրին ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան հաստատումին մասին անդրադառնալով, մամուլը կը յիշեցնէ թէ Անկոլան ճանչցաւ 27 տարուայ քաղաքացիական պատերազմ մը, 1975-2002, որուն հետեւանքով կէս միլիոն հոգի զոհուած են եւ չորս միլիոն ալ տեղահանուած։ Եկեղեցին 2008ին յաճախ քարոզած է ՜՜եղբայրսիրութիւնը՝՝ մասնաւորապէս կարօտեալներու հանդէպ։ Նոյնպէս եկեղեցին պայքար մղած է ընտանեկան յարկին ներքեւ՝ այսինքն տան մէջ, տեղի ունեցող բռնութիւններու դէմ եւ հրաւիրած պարագլուխները լուծելու ընդհարումները երկխօսութեան ճամբով։ Ինչպէս նաեւ յառաջ տարած է ընկերային ծրագիրներ նուաճելու՝ բոլոր այն երեւոյթները որոնք կարող են վնաս բերել ընկերութեան։

Եկեղեցին անդադար կը յիշեցնէ թէ կարելի չէ նիւթական բարօրութիւն ունենալ առանց կրօնական ազատութեան։ Եկեղեցւոյ պատասխանատուները նոյնպէս երկրի ղեկավարներէն կը խնդրեն որ իրականացնեն ծրագիրներ, կարող՝ չէզոքացնելու դասակարգային անհաւասարութիւնը, ամէն անհատին կարելիութիւն տալով ունենալու հաւասար իրաւունք եւ պարտականութիւն, առանց դասակարգի խտրականութեան։ Ընկերային գետնի վրայ, Կաթողիկէ Եկեղեցին Անկոլային մէջ հաստատեց առողջապահական կեդրոններ, յառաջ տարաւ անգրագիտութեան դէմ յայտագրեր, կառուցեց դպրոցներ։ Անկոլան Սրբզ. Քահանայապետի այցելութենէն կը յուսայ որ քրիստոնեայ հաւատացեալներու հաւատքը ամրանայ։ Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մարտ ամսոյն մէջ պիտի այցելէ Անկոլան եւ Գամերունը, ասիկա պիտի ըլլայ իր առաջին այցելութիւնը Ափրիկեան ցամաքամաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.