2009-01-13 12:44:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկուշաբթի օրը ընդունեց Հռոմ մարզի նահանգապետը, քաղաքապետը եւ գաւառապետը, անոնցմէ խնդրեց աւելի համագործակցութիւն դուրս գալու ներկայ տագնապէն։ Սրբզ. Հայրը նաեւ Հռոմի բնակիչներէն կը խնդրէ ՜՜աւելի զուսպ եւ զօրակից կեանք մը՝՝։


Ներկայ տագնապէն դուրս գալու համար հարկաւոր է համախոհութիւն եւ համագործակցութիւն մարզի բոլոր ուժերէն, դրական պատասխան մը տալու՝ մարդոց աճող դժուարութիւններուն, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկուշաբթի օրը ընդունելով՝ Հռոմ մարզի նահանգապետը, քաղաքապետը եւ գաւառապետը։ Տարակոյս չկայ որ միջազգային հասարակութիւնը ներկայիս կը գտնուի տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ առնչուած նաեւ կառուցային, մշակութային ու արժէքներու խախտումներու։ Ապա նորին սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով քաղաքացիներուն հրաւիրեց զանոնք աւելի զուսպ, պատասխանատու եւ զօրակից կեանք մը վարել աւելի արդար ընկերութեան մը կերտումին համար։ Դժուար պահերուն, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, ժողովուրդը գիտէ վերագտնել իր միութիւնը ու քաջութիւնը իմաստուն ու լուսամիտ կառավարիչներու շուրջ, որոնց միակ մտահոգութիւնը ՜՜պէտք է ըլլայ բոլորին բարիքը՝՝։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս ուզեց պաշտպանը հանդիսանալ բազմանդամ ընտանիքներուն, որոնց իրաւունքն է անդորր կեանք մը վարել, տարեցներուն, որոնցմէ շատերը առանձնութեան մէջ են եւ կը գտնուին դժուար պայմաններու մէջ. խօսեցաւ նաեւ տունի տագնապի, գործի պակասի, երիտասարդներու գործազրկումի, դժուար համակեցութեան ցեղային զանազան խումբերու միջեւ, նաեւ փախստականներու եւ գնչուներու մեծ հարցին մասին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.