2009-01-13 12:56:58

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ի այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ


Յունուար 10-ին Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը աշխատանքային այց կը կատարէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իր ԱՄՆ կեցութեան ընթացքին վեհափառը հանդիպումներ պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներու հետ՝ ու անոնց հետ քննարկէ իրենց ստանձնած Մայր Աթոռի ծրագրերու գործընթացքը։



Մուսա Տաղի Շարժանկարային Իրաւունքները EOS Entertainment ին։

Վերջերս EOS Entertainment ընկերութիւնը գնեց Էդուարդ Մինասեանի մրցանակի արժանացած Մուսա Տաղ գիրքը շարժանկարի վերածելու իրաւունքները։ Իր 385 էջանոց գրքին մէջ, Մինասեան բացած է Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր ընկերութեան եւ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւները, ինչպէս նաեւ ի յայտ բերած է ճշմարտութիւնը՝ մերժուած շարժապատկերի մը մասին։

Գիրքը լոյս կը սփռէ Թուրքիոյ կառավարութեան բանեցուցած ճնշումին վրայ, զոր գործադրուած էր ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԷմՃիԷմ ընկերութեան վրայ, եւ այդ ճնշումին դերը Ֆրանց Վերֆելի պատմական դիւցազներգական՝ Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը վէպին նկարահանումը խոչընդոտելու գործին մէջ։ Շարժանկարի պատմութեան իր բերած պատկառելի ներդրումին համար, հեղինակը 2008ին արժանացած էր Արփա հիմնարկութեան մրցանակին։ EOS Entertainment ընկերութեան հիմնադիրներ եւ շարժանկարի արտադրիչներ Էտուին Ավանէս եւ Սերճ Մինասեան, ներկայիս կաշխատին գիրքը պատշաճեցնելու եւ բեմագրելու՝ վաւերագրական ֆիլմի մը համար։



Յովիկ Աբրահամեանի նամակը Եւրոպական խորհուրդի անդամ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներուն:

Հ Հ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նամակ մը յղած է Եւրոպական խորհուրդի անդամ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներուն՝ խնդրելով, անոնցմէ որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ իրենց երկիրներու պատուիրակութիւնները յունուարեան նստաշրջանին ընթացքին, թեր չքուէարկեն Հայաստանը ձայնի իրաւունքէն զրկելու վերաբերեալ նախագիծին ։ Այս նախագիծը , ըստ Աբրահամեանի, կրնայ էականօրէն վտանգել Հայաստանի ներքին կայունութիւնը։



Հայաստանի Նախագահը ստորագրեց ներումի հրամանագիր։

Հ Հ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որով ներում կը շնորհուի 2008ի Մարտ մէկին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու, ապօրինի զէնք, զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր ձեռք բերելու, տեղափոխելու, կրելու, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու յանցանքով, 2-4 տարիով դատապարտուած ինը անձերուն՝ անոնք են.Եղիշէ Գրիգորեան, Կարէն Թարխանեան, Աւետիք Ղռեջեան, Կառլեն Մանուչարեան, Արմէն Մովսիսեան, Յարութիւն Մկրտչեան, Նորիկ Յարութիւնեան, Սարգիս Պարունակեան եւ Ռաջու Պետրոսեան։ Հայրենի նախագահը յիշեալ հրամանագիրը ստորագրած է, նկատի ունենալով դատապարտեալներուն կողմէ նախագահին ուղղուած ներման խնդրագիրերը, ինչպէս նաեւ՝ ընտանեկան, առողջական եւ այլ հանգամանքներ։

Յիշեցնենք, որ նախագահ Սարգսեան 2008ի Դեկտեմբեր 3-ին ներում շնորհած էր այլ երեք դատապարտեալներու որոնք բաւարարած էին իրեն ներկայացուած ներման բոլոր խնդրագրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.