2009-01-13 13:35:50

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ մը՝Գաղութային Լուրերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Ակնարկ մը՝Գաղութային Լուրերուն։

՝՝Համաս՝՝ շարժումի ղեկավարներէն եւ պաղեստինեան խորհրդարանի անդամ Մուշիր Մասրի յայտնեց, որ սիոնական թշնամին Կազայի դէմ իր յարձակումին ընթացքին իր պարտութիւնը պիտի հռչակէ, իսկ դիմադրութիւնը Աստուծոյ կամքով իր յաղթանակը պիտի յայտարարէ։ Պաղեստինեան խմբաւորումները կը պահանջեն(ըսաւ ան), որ որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է բովանդակէ իսրայէլեան յարձակումը անմիջապէս դադրեցնել, շրջափակումը վերացնել եւ սահմանային անցքերը, մանաւանդ Ռաֆահի անցքը բանալ։ Իսկ Իսրայէլեան բանակի աղբիւրներ կը յայտնեն, որ իրենց ուժերը սկսած են դանդաղօրէն մտնել Կազայի ամէնէն խիտ բնակչութիւն ունեցող արուարձաններէն ներս, միեւնոյն ատեն շարունակելով օդային ռմբակոծումները ։Ըստ Պաղեստինեան աղբիւրներու, ցարդ իսրայէլեան բանակին կողմէ սպաննուած պաղեստինցիներու թիւը հասած է 900ի, որու 277ը՝ երեխաներ։ Իսրայէլի կորուստներուն թիւը 13 է։ Միւ կողմէ Կազայի հատուածին մէջ գործադրուող ռազմական գործողութիւններու առնչութեամբ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան ինչպէս ծանօթ է, խիստ քննադատութիւններ ուղղած էր Իսրայէլի հասցէին։Թրքական լրատուամիջոցները այս շաբաթավերջին հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ եւ Քնեսեթի պատգամաւոր Մաժալլի Ուահապի, հակազդելով Էրտողանի քննադատութեան՝ յայտարարած է ՝՝Ի՞նչ է, մենք ալ ընդունինք Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Էրտողանը կըսէ, թէ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կիրականացուի։ Մենք ալ Թուրքիոյ մէջ հայերուն հետ կապուած իրադարձութիւնները պէ՞տք է ընդունինք իբրեւ ցեղասպանութիւն՝՝։



Իսկ Յունուար 12ին, ՖԻՖԱի Զիւրիխի կեդրոնին մէջ Արդար Խաղ (Fair Play) մրցանակը յանձնուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան (ֆետերասիոնին)։ Այս մրցանակը կը տրուի ֆութպոլի միջոցով խաղաղութեան ամրապնդման ի նպաստ գործառնութեանց։



2008ին Երրորդ Զաւակ Ունեցող 4306 Ընտանիքներ Հազարական Տոլար Կը ՍտանանՀայաստանի մէջ։

Անցեալ տարուան ընթացքին երրորդ կամ աւելի զաւակ ունեցող 4306 ընտանիք կառավարութենէն ստացած է 300 հազար դրամ (հազար տոլար)։ Նշենք, որ ընկերային ապահովութեան մօտ արձանագրուած անապահով ընտանիքներու թիւը 170 հազար է։

Նշենք նաեւ, որ 2007ին ծնած իւրաքանչիւր երրորդ եւ յաջորդ զաւակին համար, 200 հազարական դրամ յատկացուած է 2654 ընտանիքի, իսկ 2009ի պետական ամավարկով նախատեսուած է նոյն նպատակին տրամադրել 430 հազար դրամ։



Միջազգային հեղինակաւոր CNN եւ Էուրոնիուզ պատկերասփիւռի կայաններէն այս տարի եւս պիտի ցուցադրուին Հայաստանի զբօսաշրջային վայրերու մասին ծանօթացման ժապաւէններ։ Տնտեսական նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ տարածքային տնտեսական զարգացման վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան կը յայտնէ, որ այս հեռարձակումները իրականացնելու ուղղութեամբ, Հայաստանի կառավարութիւնը յատկացուցած է շուրջ 157 միլիոն դրամ։CNN եւ EURONEWS կայաններէն Հայաստանի զբօսաշրջային վայրերու մասին պատմող ժապաւէններ ցուցադրուած են 2006էն ի վեր։



Ղազախիստան-Սակուրամօ մայրուղային կազատարի Յունուար 9ին պատահած վնասի հետեւանքով, դէպի Հայաստան բնական կազի դադրեցուած մատակարարումը ամբողջ ծաւալով վերականգնուած է Յունուար 12ին, ինչպէս որ յայտարարած է ՝՝Հայռուսկազարտ՝՝ ընկերութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Սարդարեանը։

Յունուար 9ին, Վրաստանի քարիւղի ընկերութիւնը յայտարարած էր, թէ մատակարարման դադրեցումը կապ չունէր այս օրերուն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջաւ ծագած տարակարծութեան եւ ռուսական կազի դադրեցման հարցին հետ, այլ անիկա հետեւանք էր խողովակներու մաշեցման պատճառով պատահած վնասին,իսկ վերանորոգման գործողութիւնները կատարուած էին անմիջապէս՝ հայ մասնաէտներու խումբի մը օգնութեամբ։Հայաստան չունեցաւ կազի պակաս(ըստ Արմէնփրէս՝՝ի) վերջին չորս օրերուն ընթացքին, եւ բոլոր բաժանորդները ստացան Աբովեանի ստորեգետնեայ պահեստին մէջ կուտակուած կազը։








All the contents on this site are copyrighted ©.