2009-01-12 13:51:06

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Գաղութային Լուրերուն։


 Ակնարկ Մը՝Միջազգային Դէպքերուն եւ Գաղութային Լուրերուն։

17.երորդ օր ըլլալով Իսրայէլ կը ռմբակոծէ Կազան.իսրայէլեան ուժերը երէկ արդէն յառաջացան դէպի Կազայի ամէնէն բազմամարդ շրջանը։Առ այժմ պաղեստինցի զոհերուն թիւը կը բարձրանայ՝900--ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը՝ շուրջ 4075-ի։ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը մօտենայ իր ճշդած նպատակներուն իրականացման։ Իսկ Պերլին առաջարկած է յառաջիկայ շաբաթ Եգիպտոս ուղարկել մասնագէտներ քննարկելու համար սահմանային ապահովութիւնը բարելաւելու միջոցները,եւ Գահիրէ ընդունած է առաջարկը ։ Միւս կողմէ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա պատկերասփռուած յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ նախագահութեան պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք պիտի սկսի Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցը մօտէն հետապնդել։Նիւ Եորքի մէջ ՝՝Հիումըն Ռայթց Ուոչ՝՝ մարդասիրական ծանօթ կազմակերպութիւնը Իսրայէլի կոչ ուղղեց՝ դադրեցնելու սպիտակ-ֆոսֆորի ռումբերը Կազայի խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ օգտագործելէ։



Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է ՝՝Ներողութիւն կը խնդրեմ՝՝ կոչուած նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն դէմ։Ինչպէս որ կը հաղորդէ թրքական մամուլը, Անգարայի դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է արշաւի կազմակերպիչներուն դէմ՝ թուրք ազգը հրապարակաւ վիրաւորելու մեղադրանքով, այսինքն՝ Թուրքիոյ քրէական օրէնքի հռչակաւոր 301րդ յօդուածի յատկանիշներով։Սոյն 301րդ յօդուածին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն համաձայն, այդ յօդուածին յատկանիշներով դատական գործ յարուցելու համար այժմ անհրաժեշտ է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարի արտօնութիւնը։։Նշենք որ 2008ի Դեկտեմբերին, չորս թուրք մտաւորականներ՝ Պասքըն Օրան, Ահմէտ Ինսէլ, Ճենկիզ Աքթար եւ Ալի Պայրամօղլու, հանդէս եկած էին ՝՝Հայերէն ներողութիւն խնդրելու՝՝ արշաւ սկսելու նախաձեռնութեամբ, որուն ծիրէն ներս կազմակերպուած էր համացանցային ստորարահաւաք մը որ կը շարունակուի։



Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ 21 յունուարին Պրիւքսելի Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ նոյեմբեր 2008-ի վերջաւորութեան որդեգրուած ցեղապաշտութեան եւ այլամերժութեան դէմ առնուելիք որոշումին քննարկման նուիրուած հանդիպում մը։

Այս որոշումը կը ձգտի Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներուն մէջ քրէական յանցանք նկատել ՝՝ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները արդարացնելը, մերժումը կամ կոշտ կերպով մեղմացնելը՝՝։ Հանդիպումը պիտի վարէ որոշումին վերաբերեալ տեղեկագիրի հեղինակ, Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Մարթին Ռուր, իսկ հանդիպումին պիտի մասնակցին եւրոպացի քաղաքական ղեկավարներ, պաշտօնատարներ, Եւրոպական խորհուրդի եւ յանձնակատարութեան մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ իրաւաբաններ։



Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ընդառաջելով ընտրեալ նախագահ Պարաք Օպամայի կոչին՝ ձեռնարկած է աշխատանքի մը՝ կազմակերպելու համար հայ համայնքի մասնակցութիւնը անօթեւան ու սովեալ քաղաքացիները սնունդով ապահովելու արշաւին։ Այս արշաւը պիտի իրականանայ քաղաքացիական իրաւունքներու համար պայքարող Մարթին Լութըր Քինկի յիշատակին օրը՝ Յունուար 19ին, նախագահի գահակալութեան արարողութեան նախօրեակին։ Առ ի յարգանս եւ երախտագիտութիւն Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու տրուած ամերիկեան մարդասիրական օժանդակութեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արշաւը կոչած է ՝՝Պահածոյ սնունդ՝ յանուն դատին՝՝։ Այս լօզունգով ճամբայ ելած արշաւը կը քաջալերէ հայ համայնքի անդամները համագործակցելու Հայ Դատի տեղական մարմիններուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.