2009-01-11 13:45:38

Լուրեր հայ աշխարհէն


Արտօնագիր՝Ղարաբաղեան 2 ընկերութիւններու ՜՜Ձայնասփիւռի Հեռարձակման՝՝ համար։

ԼՂՀ հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովը 9 Յունուար 2009-ին վերսկսած է Ղարաբաղի մէջ Ստեփանակերտ քաղաքի եւ յարակից շրջաններու տարածքին ձայնասփիւռի հաղորդումներու եթերային հեռարձակման արտօնագիրներ տրամադրել։ Յանձնաժողովի նախագահ Վաչէ Ադամեան, Հետք թերթին տեղեկացուցած է , որ այս անգամ արտօնագիր ստացողներն էին սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւններ՝ Միքս մետիան եւ Ռատիօ Հայը։

Կոմիտասեան երեկոյ Սուրիոյ հայաշատ քաղաք՝ Հալէպի մէջ։

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեանին ու կազմակերպութեամբ,թեմին Ուսումնական խորհուրդի եւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան , Հալէպի Կրթասիրացի ՜՜ Գաբրիէլեան՝՝ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կոմիտասեան երեկոյ մը՝ կատարողութեամբ մեներգիչ Գէորգ Հաճեանի, որուն դաշնակի վրայ կընկերակցէր Սեւան Սեմերճեան։ Երեկոն նուիրուած էր հայ կրթական մշակներու եւ հայ դպրոցի բարերարներուն։

Գէորգ Հաճեան ներկաներուն հրամցուց հայ մեծ վարպետ Կոմիտաս Վարդապետի գործերէն 20 երգեր։ Ինչպէս գիտենք 2009-ին անոր ծննդեան 140-ամեակն է։

Հանդիսութեան աւարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեան իր սրտին խօսքը ուղղեց։ Ան նախ շնորհաւորեց օրուան երաժիշտները իրենց բացառիկ ներկայացումին համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք կառչած կը մնան հայկական անաղարտ երաժշտութեան եւ արուեստին։ Ընդառաջելով Սրբազանի յատուկ խնդրանքին Գէորգ Հաճեան երգեց Կիլիկիան, որուն մասնակցեցան նաեւ ներկաները, որմէ ետք սրբազանին Պահպանիչով վերջ գտաւ երեկոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.