2009-01-11 13:45:24

Ակնարկ մը՝Հազիւ Մեր Ետին Թողած 2008-ը Տարուայ Տարեդարձներու ու Տարելիցներու Վրայ։


2008ին յիշատակեցինք Արփիար Արփիարեան-ի մահուան 100-ամեակը։ Արդարեւ Արփիարեան կը նահատակուէր 1908ին Եգիպտոսի մէջ։

Ան կը ծնէր 1851ին, Սամսունի նաւահանգիստը, երբ իր ծնողքը՝ Փիլիպպոսն ու Թէնսուֆը Ակնի Ապուչեխ գիւղէն կը տեղափոխուէին Պոլիս։ Պոլսոյ Օրթագիւղի թարմգանչաց վարժարանին մէջ կը ստանայ իր նախնական ուսումը, ապա կուղեւորուի Վենետիկ, ուր կուսանի Մուրատ-Ռափայէլեանի մէջ, աշակերտելով Հ. Ղեւոնդ Ալիշանին։ 1870ին կը վերադառնայ Պոլիս ու կը սկսի աշխատիլ Պատրիարքարանին մէջ, որպէս օգնական-քարտուղար։ 1880-1895 թուականներու միջեւ հիմնականին Արփիարեանի խմբագրութեամբ հրատարակուած Արեւելք, Հայրենիք ու Մասիս պարբերականներուն մէջ ձեւաւորուեացաւ արեւմտահայ գրականութեան իրապաշտ գրողներու ամբողջ փաղանգը՝ Գրիգոր Զոհրապ, Լեւոն Բաշալեան, Տիգրան Կամսարեան, Երուանդ Օտեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Երուխանը, Յովհաննէս Թլկատինցին, Ռուբէն Զարդարեանը եւ այլն։ 1896ին կը մեկնի արտասահման, ուր ալ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, թէեւ ոչ նոյն ուժգնութեամբ։ 1908ին կը նահատակուի՝Եգիպտոսի մէջ զոհը դառնալով եղբայրասպան փամփուշտներու։Արփիարեանի Յայտնի գործերէն են ՝՝Կարմիր ժամուցը՝՝, ՝՝Մինչեւ ե՞րբ՝՝, ՝՝Ոսկէ ապարանջան՝՝, ՝՝Դատապարտեալը՝՝, ՝՝Երազի մը Գինը՝՝ եւ այլն։Գեղարուեստականի կողքին ան ունի նաեւ գրական ուսումնասիրութիւններ եւ ընդարձակ յօդուածներ, նուիրուած շրջանի գրականութեան դէմքերուն ու ինչ-ինչ խնդիրներուն։

2008-ին Յիշատակեցինք նաեւ Լլւոն Բաշլաեան-ի Ծննդեան 140-ամեակը եւ մահուան 65-ամեակը (1868-1943) ։

Ծնած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղը, ծագումով բալուսի ընտանիքէ մը։ Յաճախած է Պէրպէրեան վարժարանը։ 1884ին միացած է Արփիար Արփիարեանին եւ անոր ղեկավարութեամբ աշխատակցած՝ Արեւելք-ին ու Մասիս-ին։ Հայ գրականութեան իրապաշտ սերունդի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն է ան։1889ի վերջերուն կանցնի Փարիզ, ուրկէ Պոլիս կը վերադառնայ 1891ին։ Կը դառնայ Արփիարեանի օգնականը՝ այս անգամ ՝՝Հայրենիքին՝՝ մէջ։ 1896ին ուրիշ հայ մտաւորականներու հետ կը հեռանայ Պոլիսէն։ Արփիարեանի հետ Լոնտոնի մէջ կը մասնակցի Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնումին եւ կը դառնայ խմբագիրը կուսակցութեան գրական կիսամեային՝ Նոր Կեանքին, մինչեւ 1897։ Ան այդ թուականէն վերջ կը լքէ գրականութիւնը ու կը նուիրուի առեւտրական գործունէութեան։ Ազգային հասարակական պաշտօններ ալ կը վարէ ,1922ին կը դառնայ Ազգային պատուիրակութեան խորհրդականը, 1923ին կը նշանակուի Հայ Գաղթականաց Կեդրոնական Յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղար եւ հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական Վարչութեան աշխատակից։

Միսաք Մեծարենց-ի մահուան 100-ամեակը՝2008-ին։ 2008-ին կը զուգադիպէր արդարեւ տաղանդաւոր բանաստեղծ Մեծարենցի մահուան 100ամեակը(1886 -1908) ։Մեծարենց ծնած՝ Սեբաստիոյ Բինկեան Գիւղը, 1896-ին ընտանեօք կը տեղափոխուի Սեբաստիա։ 1896-1901 թուականներուն ուսանած է Մարզուանի Անատոլիա գիշերօթիկ վարժարանին մէջ։ 1901-ին կերթայ Պոլիս, ուր ուսումը կը շարունակէ Պոլսոյ ծանօթ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, սակայն 1905-ին կիսատ կը թողու կրթութիւնը՝ անողոք հիւանդութեան պատճառով։ Յուլիս 1908-ին կը մահանայ։ Աճիւնը ամփոփուած է Պոլսոյ Պալըքլը-ի գերեզմանատան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.