2009-01-10 11:45:41

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն 11 Յունուար 2009

Մկրտութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի


 Յովհաննէս կը մկրտէ Յիսուս-Քրիստոսը

Յիսուս կը խնդրէ մկրտուիլ. Արդ մկրտութիւնը մեղքերու քաւութեան համար է եւ մենք գիտենք թէ Յիսուս մեղքէ բոլորովին զերծ մնացած է. Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ ան որ առանց մեղքի է կը խնդրէ մկրտուիլ, որպէսզի մաքրուի իր մեղքերէն. Նոյնիսկ Յովհաննէս դէմ կը կենայ եւ կ՛արգիլէ զինք, ըսելով. Ես պէտք է քեզմէ մկրտուիմ, եւ դուն ինծի՞ կու գաս։ իր առած քայլը արդարացնելու համար, Յիսուս կ՛ըսէ թէ այսպէս է որ պէտք է կատարել ամէն արդարութիւն. Ինչ որ կը նշանակէ թէ այդպէս կը պատշաճի ընել։ Սակայն արդեօ՞ք մկրտութիւնը միայն պատշաճութեան համար է, որպէսզի աւանդութիւնը պահուի եւ ամէնուն պէս մենք ալ կատարենք զայն։

Դժբախտաբար այս օրերուս` յաճախ մկրտութիւնը լոկ ընտանեկան աւանդութեան մը բնոյթը կ՛առնէ. Ծնողքը, փոխանակ հոգեպէս պատրաստուելու իրենց զաւկի մկրտութեան խորհուրդին, կը ջանան կատարել միայն այն ինչ որ իրենց ընտանեկան աւանդութեան մէջ գոյութիւն ունի, առանց նկատի առնելու հոգեւոր պատրաստութիւնը։ Աւելի կարեւոր է զոր օրինակ մկրտութեան հագուստը, անոր հետեւող տօնը, պզտիկին մեռոնահանումը, եւ այլ մանրամասնութիւններ որոնք բոլորովին երկրորդական են եւ մեզ կը շեղեցնեն գլխաւոր նպատակէն մկրտութեան խորհուրդին։

Քրիստոս կ՛ուզէ մկրտուիլ ոչ թէ լոկ պատշաճելու համար մարդոց աւանդութեան, այլ որպէսզի օրինակ հանդիսանայ իր իսկ հաստատելիք օրէնքին մարդկութեան վերաբերեալ, որով միայն անոնք որ կը մկրտուին կարող պիտի ըլլան ժառանգելու երկնքի արքայութիւնը։ Ինք, մարդացեալ Աստուած, չ՛ուզեր բացառութիւն ստեղծել եւ կ՛ուզէ ամէն բանով ըլլալ կատարեալ մարդ, սովորական մահկանացուի մը նման։

Կարելի է աւելցնել թէ Քրիստոս, իր մկրտութեամբ, կ՛ամբողջացնէ եւ կը կատարելագործէ Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս իսկ, որ կը մկրտէր յետ ապաշխարանքի եւ սրտի դարձի, կը զգար թէ բան մը պակաս էր իր մկրտութեան մէջ. Գիտէր թէ պիտի գար մէկը իրմէ ետք, որ պիտի մկրտէր Սուրբ Հոգիով։ Ուստի Յովհաննէսի մկրտութիւնը կը մաքրէ մարդոց սրտերը ամէն տեսակ մեղքէ եւ արատէ եւ կը դարձնէ զանոնք ատակ ընդունելու Աստուծոյ շնորհքը, որ կու գայ Քրիստոսի բերած Սուրբ Հոգիով։

Քրիստոսի մկրտութիւնը մեծ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ մարդուն սրտին մէջ. Ան կը զետեղէ հոն Սուրբ Հոգին։ Այսպէս, Յովհաննէսի մկրտութիւնը կը պարպէ մարդուն սիրտը ամէն բիծէ, որպէսզի Յիսուս հոն դնէ Սուրբ Հոգին։ Յովհաննէս մարգարէ մըն է, Հոգիով լեցուն, սակայն ինք անձամբ չի կրնար տալ ուրիշներուն այդ Հոգին որ իր մէջն է, որով Աստուծոյ Որդւոյն զօրութիւնը պէտք է կատարելու համար մարդուն սրտին մէջ այս մեծ փոփոխութիւնը ։

Հին Կտակարանի մէջ` ժողովուրդին յայտնուած էր Աստուած որպէս միակ ամենակարող ու ստեղծիչ Աստուածը. Նոր Կտակարանով` մարդուն կը յայտնուի Աստուծոյ խորհուրդը. Ան միշտ մէկ ու միակ Աստուածն է, սակայն իր ինքնութեան մէջ կը գործեն երեք անձեր որոնք մարդուս փրկութիւնը հնարաւոր կը դարձնեն իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող խորհրդաւոր կապին միջոցաւ։ Այսուհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի զանազանուի իր հաւատքովը Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ պիտի հասնի փրկութեան, դաւանելով այդ հաւատքը, մկրտութեան ընթացքին. ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.