2009-01-10 11:50:17

 Վատիկանի աստղադիտարանը կը մասնակցի աստղագիտութեան միջազգային տարւոյն։


Կալիլէի յայտնաբերումի 4րդ դարադարձին առթիւ ՈՒՆԵՍՔՕն 2009-տարին հռչակած է աստղագիտութեան միջազգային տարի։ Վատիկանի աստղագիտարանը իր կարգին, կը մասնակցի հանդիսութիւններուն, որ սկիզբ պիտի առնեն Փարիզ յառաջիկայ 15 յունուարին։ Վատիկանի աստղագիտարանը ծրագրած է զանազան յայտագրեր գործադրել 2009ին ընթացքին։ Յայտնենք թէ Վատիկանի աստղագիտարանը, որ յանձնուած է Յիսուսեան միաբանութեան, մտադիր է հանրութեան ճանչցնել աստղագիտութեան կարեւորութիւնը եւ մատնանշել՝ այս գիտութեան բերած սատարը, համաշխարհային մշակոյթին։ Վատիկանի աստղագիտարանը նաեւ մտադիր է հրապարակել հատոր մը Վատիկանի աստղագիտութեան մասին ու Եկեղեցւոյ բերած սատարին այս գիտութեան։ Հատորը հաւանաբար գարնան լոյս տեսնէ։ Յունիս ամսոյն մէջ Վատիկանի աստղադիտարանը միջազգային երկու դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ, ունենալով որպէս նիւթ. աստղագիտութեան դերը եւ աստղագիտութիւնը 21-րդ դարու ընկերութեան մէջ։ Իսկ վատիկանի թանգարան-մատենադարանը ցուցահանդէս կը կազմակերպէ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն համար, ունենալով որպէս նիւթ աստղագիտութեան պատմութիւնը Իտալիոյ մէջ եւ պիտի ցուցադրուին աստղագիտական տարբեր գործիքներ, բերուած’ Իտալիիոյ զանազան թանգարաններէն։ Նշենք թէ Վատիկանի աստղադիտարանը աշխարհի ամենէն հին աստղադիտարաններէն մէկն է։ Ներկայիս 12 Յիսուսեան կրօնաւորներ այդ մարզին նուիրուած են։ Վատիկանը երկու կեդրոն ունի մէկը Հռոմի ԳասդելԿոնտոլֆօ կոչուած շրջանը, իսկ երկրորդը կը գտնուի ԱՄՆի Արիզօնայի մէջ։ 1578-էն սկսեալ Վատիկանը ունեցած է իր աստղադիտարանը, որ նախապէս կը կոչուէր հովի աշտարակ , շնորհիւ երջանկայիշատակ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի նախաձեռնութեան, եւ որուն կը պարտինք աշխարհի տարեցոյցը, որ իր անունը կը կրէ (Գրիգորեան տարեցոյց)։ Ներկայ աստղադիտարանը կառուցուած է 14 մարտ 1891ին Լեւոն ԺԳ պապի նախաձեռնութեամբ, ունենալով որպէս կէտնպատակ աստղագիտութեան զարգացումը եւ Եկեղեցւոյ հետաքրքրութիւնը՝ գիտութիւններու հանդէպ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.