2009-01-09 14:00:09

Պատգամ Ամեն. Եւ Գերջ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի

Կաթողիկոս Պատրիարք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկէ Հայոց ի տօնին Աստուածայայտնութեան Տ.Մ.Յ.Ք.ի 2009


Պատգամ Ամեն. Եւ Գերջ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի

Կաթողիկոս Պատրիարք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկէ Հայոց ի տօնին Աստուածայայտնութեան Տ.Մ.Յ.Ք.ի 2009



Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք իրեն երկրպագութիւն ընելու

Մտթ. 2,2



Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօր ուրախութեամբ կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը, այսինքն՝ Յիսուսի յայտնութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն, ներկայացուած մոգերով, որոնք Արեւելքէն եկած են Հրեաներու Թագաւորին յարգանք եւ մեծարանք մատուցանելու համար։

Այս խորհրդաւոր անձնաւորութիւնները, խուզարկելով երկնքի երեւոյթները, նշմարեցին նոր աստղ մը եւ հասկցան թէ ան նշանն է Հրեաներու թագաւորին, այսինքն Մեսիայի ծնունդին։ Յիսուս, աստղի առաջին երեւումէն իսկ, իրեն կը քաշէ մարդիկ, որոնք Աստուծմէ սիրուած են։ Այն ժամանակ՝ մոգերն էին, յետագային՝ պիտի ըլլան ամէն ազգէ, լեզուէ եւ մշակոյթէ մարդիկ։ Ս. Հոգիին ոյժն է որ կը շարժէ մարդոց սիրտն ու միտքը եւ զանոնք կառաջնորդէ փնտռելու համար ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։ Միթէ ասիկա չեղա՞ւ Հայ Ժողովուրդին վիճակը եւ անոր յարումը Ս. Աւետարանին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ։ Արդե՞օք ասիկա յայտնի փաստ մը չէ Աստուծոյ սիրոյն Հայ Ազգին հանդէպ։

Աւետարանը կըսէ . Աստղը զոր տեսած էին արեւելք ու կ՛առաջնորդէր անոնց, եկաւ, կեցաւ այն տան վերեւ՝ ուր կը գտնուէր մանուկը Մտթ. 2,9։ Հոս վերջ կը գտնէ այս աստղին պաշտօնը, բայց անոր հոգեւոր լոյսը միշտ ներկայ է Ս. Աւետարանին մէջ, եւ ան կարող է այսօր իսկ դէպի Յիսուսը առաջնորդել ամէն մարդ։ Արդարեւ, Աստուծոյ խօսքը արձագանք կը գտնէ ամէն անձին մօտ, երբ ան ուղղամիտ է եւ լաւ տրամադրուած։ Եկեղեցին կը կատարէ այսօր աստղին դերը մարդկութեան հանդէպ ։

Որքա՜ն կարեւոր է ուրեմն որ մենք՝ քրիստոնեաներս, խօսքով բայց մանաւանդ գործով հաւատարիմ մնանք մեր հաւատքին եւ մեր առաջնորդի կոչումին։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդ կամ կին կը կրէ իր մէջը յատուկ լոյս մը, որ կրնայ մոգերու աստղի նման առաջնորդել ամէն անձ որ իրեն կը մօտենայ։ Եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս այդ անձը Քրիստոսի ճամբան կը փնտռէ եւ զայն կը գտնէ քու բարութեանդ մէջ եւ քու արդար կենցաղիդ միջոցաւ։

Ասկէ յայտնի կըլլայ թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է դառնալու աստղ եւ լոյս ուրիշներուն համար։ Ինչ մ՜եծ պատիւ, բայց նաեւ ինչ մ՜եծ պատասխանատուութիւն։ Դուն կրնաս, հարազատ քրիստոնեաներուն պէս, առաջնորդ ըլլալ ուրիշներուն, անոնց ցուցնելով քու ապրելակերպովդ։

Այն ժամանակ, դուն լուսաւոր աստղ կը դառնաս բոլոր անոնց որ քեզ կը դիտեն։ Իսկ եթէ չընես՝ մարած ջահի կը նմանիս, որ ո՛չ ոք կը լուսաւորէ, եւ օգտակար չես ո՛չ ընտանիքիդ, ո՛չ համայնքիդ եւ ո՛չ ալ Եկեղեցւոյ։

Մեր միտքը կու գայ հետեւեալ հարցումը՝ երբ մենք շրջապատուած ենք այ՜նքան բարի վկաներով, ին՞չպէս կ՛ըլլայ թէ կան մարդիկ որ տակաւին չեն փոխուիր։ Պահ մը մտածեցէ՛ք. աստղը որ երեւցաւ երկինք, բոլորին համար երեւցաւ։ Բայց միայն մոգերը, այսինքն անոնք որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէին, զայն նշմարեցին եւ անոր հետեւեցան ու պատրաստ եղան ահագին զոհողութիւններ յանձն առնելու՝ անապահով ճամբորդութիւն, տուն եւ հանգիստ ձգելով, օտար աշխարհ երթալով իրենց նպատակին հասնելու համար, միւսները ոչ։

Նոյնպէս, Յիսուս աշխարհ եկաւ բոլոր մարդոց փրկութեան համար, սակայն ոչ բոլորը զինք ընդունեցան։ Սակայն գտնուեցան մարդիկ որ ընդունեցան զինք եւ հաւատացին իրեն, կըսէ Աւետարանը. Եկաւ իրեններուն, եւ իրենները զինք չընդունեցան։ Իսկ անոնց՝ որոնք ընդունեցան զինք եւ հաւատցին իր անունին, տուաւ իշխանութիւն՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու Յովհ. 1, 11-12։

Աստուած միշտ հաւատարիմ է իր խոստումներուն եւ պատրաստ է միշտ մարդուն օգնելու, բայց մարդն է որ անհաւատարիմ կըլլայ իր կոչումին։ Սիրելիներ, զօրաւոր յոյսի պէտք ունինք լաւատես ըլլալու համար եւ այս յոյսը մեզի կը պարգեւէ Մարդացեալ Աստուածը՝ Յիսուս։ Կարիք ունինք մարդոց, որոնք կը հաւատան այս յոյսին եւ ունին քաջութիւնը՝ նման Մոգերու, որոնք երկար եւ դժուար ճամբորդութեան մը ձեռնարկեցին հետեւելով եզակի աստղի մը, եւ ծունկի եկան Մանուկ Յիսուսին առջեւ եւ իրեն նուիրեցին խորհրդանշանական եւ յարգի պարգեւներ։ Ամէնքս պէտք ունինք նման քաջութեան՝ հիմնուած հաստատուն յոյսի վրայ։ Զայն խնդրե՛նք Ս. Կոյս Մարիամէն, որ մեզի կ՛ընկերանայ իր մայրական պաշտպանութեամբ եւ գուրգուրանքով մեր ամբողջ կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.