2009-01-09 13:17:36

Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ,Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը, իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։


Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ,Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը, իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Բարեմաղթութիւններու ներկայացումին առթիւ Նորին Սրբութիւնը դիւանագէտներու առջեւ պարզեց ներկայ աշխարհի ընկերաքաղաքական համապատկերը, որ բաւականաչափ ժխտական է։ Նոր սերունդը կը ժառանգէ տնտեսական վատ դրութիւն մը եւ ընկերային վատանգաւոր վիճակ, Սրբզ. Պապին համար նոյնիսկ երկրագունդի ու անոր բնակչութեան վիճակը տագնապի մէջ է։ Սրբզ. Հայրը մատնանշեց աշխարհի ֆինանսական ու տնտեսական տագնապը, կլիմային ջերմացումը, չքաւորութիւնը որ կ՛աճի նոյնիսկ հարուստ երկիրներու մէջ, ազգային ու շրջանային արիւնալի ընդհարումները, ահաբեկիչներու բռնարարքները, զէնքի վաճառքը եւ միջուկային զէնքերու ծաւալումը։ Սակայն, Քահանայապետին համար, աշխարհի այս տխուր համապատկերը, ոչ միայն հետեւանքն է նիւթական աղքատութեան, այլեւ բարոյական աղքատութեան, որ մեծապէս կը սպառնայ խաղաղութեան։ Անապահովութեան ու հարցադրանքներով լի այս ժամանակաշրջանին, շատերը Եկեղեցիէն կ՛ակնկալեն որ՝ քաջութեամբ ու բացայայտօրէն կատարէ իր առաքելութիւնը՝ Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելով ու գործելով մարդու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Նորին Սրբութիւնը իր ճառին լայն մասը վերապահեց ՜՜քրիստոնէութեան ու քրիստոնեաներու պաշտպանութեան՝՝ աշխարհի մէջ։ Սրբզ. Հայրը ուժգնօրէն պաշտպանեց կրօնական ազատութեան սկզբունքին դատը, մատնանշելով թէ աշխարհիկ առողջ ընկերութիւն մը չի կրնար անգիտանալ մարդու հոգեւոր ծաւալը ու անոր արժէքները։ Ան դատապարտեց 2008ին՝ զոհ գացած հազարաւոր քրիստոնեաները, մասնաւորապէս Իրաքի եւ Հնդկաստանի մէջ։ Քաղաքացիական իշխանութիւններէն պահանջեց, որ վերջ դնեն անհանդրժողութեան ու քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին։ Մաղթեց որ Արեււմտեան աշխարհի մէջ նախապաշարում ու թշնամանք չմշակեն քրիստոնեաներու դէմ, պարզապէս որովհետեւ կարգ մը հարցեր կամ ձայներ զիրենք կը վրդովեն։ Աւետարանի վկայութիւնը աշխարհի համար, միշտ եղած է նշան՝ հակառակութեան։ Իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նաեւ վերակոչեց աշխարհի կարեւորագոյն տագնապները եւ մասնաւորապէս հրեա-պաղեստինեան ընդհարումը։ Սրբազան Քահայանապետը անգամ մը եւս կրկնեց թէ բռնութիւնը , որ կողմէն ալ գայ եւ ինչ ձեւի տակ ալ ըլլայ , միշտ դատապարտելի է։ Ան քաջալերեց երկխօսութիւնը Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ եւ մաղթանք յայտնեց երկխօսութեան ճամբով լուծել բանավէճը՝ իրանեան միջուկային յայտագրին, գոհացնելով՝ իրանի եւ միջազգային հասարակութեան օրինաւոր պահանջները։ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին գահերէցը` տիար Ալեքսանտրօ Լամզա Սրբզ. Քահանայապետին ուղղած ուղերձին մէջ ընդգծեց հարկաւորութիւնը պաշտպանելու մարդու արժանաւորութիւնը եւ միաժամանակ ըդնդգծեց անհրաժեշտութիւնը վերադառնալու բարոյական ու քրիստոնէական արժէքներուն։

Ուրբաթ 9 Յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց. -կարտինալ Գրոքոլվսքի`կառավարիչը կաթողիկէ դաստիարակութեան, -գերապայծառ Էդերովիչ՝ ընդհանրուր քարտուղարը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսին, ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հունգարիոյ, Նոր Ծելանտայի եւ Պրազիլի դեսպանները եւ անոնց ընտանեկան պարագաները` ողջերթի այցելութիւն։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց փրոֆ. ֆլիք` նախագահը Իտալիոյ սահմանադրական Ատեանին եւ անոր ընտանեկան պարագները։








All the contents on this site are copyrighted ©.