2009-01-09 13:24:14

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստանի կառավարութեան 2009-ի առաջին նիստը,


Հայաստանի կառավարութեան այս տարուան 2009-ի’ առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Յունուար 8-ին: Նիստը վարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։ Հայրենի վարչապետը շնորհաւորելէ ետք նիստին մասնակցողները Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով , անդրադարձաւ ընթացիկ տարուան ընելիքներուն։ ՜՜2009 թուականը մեզի համար կարեւոր տարի մը պիտի ըլլայ, եւ շատ կարեւոր է որ՝ նոյնիսկ կառավարութեան առաջին նիստէն, աշխատանքային տրամադրութիւնը գերիշխէ, ու մենք անմիջապէս անցնինք 2009-ի մեր ծրագիրներու իրականացման։ Նախ , պէտք է լսենք 2008-ի հաշուետուութիւնները։ Քանի որ կառավարութեան մէջ աւանդութիւն է որ բոլոր նախարարութիւնները, ըստ հաստատուած ձեւի, պատրաստեն իրենց 2008-ի գործունէութեան հաշուետուութիւնը որոնք նաեւ պէտք է հրապարակուին։ Անոնց մէջ պէտք է արձանագրուին այն ձեռքբերումները, որոնք եղած են եւ այն թերացումները, որոնք գոյութիւն ունին ձեր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ անոնց պատճառները:

Տիգրան Սարգսեան հաստատեց.<< կառավարութեան յաջորդ նիստին մենք, ձեզի հետ միասին, պէտք է հաստատենք կառավարութեան 2009-ի միջոցառումներու ծրագիրը եւ գերակայ խնդիրները։ Հաստատուած ձեւով պէտք է նաեւ նախարարութիւններուն կողմէ ներկայացուին 2009-ի ծրագիրները։ Մենք, ձեզի հետ մասին, պարտաւոր ենք արդարացնել կառավարութենէն ակնկալիքները եւ այդ սպասումները մեծ են ո՛չ միայն ձեռներէցներուն ու քաղաքացիներուն մօտ, այլ նաեւ արտերկրի, Սփիւռքի մէջ։ Մենք իրաւունք չունինք հիասթափեցնելու մեր քաղաքացիներն ու մեր հայրենակիցները։ Մենք, ձեզի հետ միասին, մօտակայ երկու շաբաթներու ընթացքին աշխատելով ծրագիրներուն վրայ, պէտք է փորձենք ըստ կարելւոյն յստակացնել ակնկալուող արդիւնքները, որպէսզի անոնք ըլլան չափելի։ Եթէ այդպիսին չըլլան, մենք չենք կրնար գնահատել նախարարութիւններու աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը։ Եւ երկրորդ՝ մեծապէս կարեւոր է, որ մեր հիմնական ծրագիրին շրջանակներուն մէջ ցոյց տանք, թէ 2009-ն որքանո՛վ մեզի պիտի հասցնէ մեր նախընտրական ծրագրային թիրախներուն։ Ասիկա պէտք է յստակ հասկնալի ըլլայ, ընդգծեց Տ Սարգսեան, որպէսզի այն խոստումները, զորս տուած են թէ հանրապետութեան նախագահը, եւ թէ համաձայնական կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերը, հասանելի ըլլան>>։

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը ականաւոր գիտնական եւ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի ծննդեան օրը՝ 18 սեպտեմբերը հռչակեց, իբրեւ Հայաստանի մէջ Աստղագիտութեան օր։ Յայտնենք որ Վիքթոր Համբարձումեանի ծննդեան 100ամեակը ամբողջացաւ անցեալ տարի։ Սեպտեմբերին տեղի ունեցան յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներ։

Հայաստանի մէջ 158 հազար 758 հաշմանդամներ ։

3 Դեկտեմբեր 2008-ին, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ջանքերով, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ նշուեցաւ ՜՜Հաշմանդամներու միջազգային օրը՝՝ ինչպէս նաեւ կայացաւ հաշմանդամներու իրաւունքներուն նուիրուած՝ Արժանապատուութիւն եւ արդարութիւն բոլորիս համար խորագրով համաժողովներ։ 2008-ի տուեալներով, Հայաստանի մէջ գրանցուած է 158. 758 հաշմանդամ, որոնցմէ 8.690-ը՝ փոքրեր են (այսպէս յայտնած է Հայաստանի հաշմանդամներու եւ տարեցներու վարչութեան հաշմանդամներու բաժինի պետ Քարմեն Պետրոսեան )։ Վերջին տարիներուն, (ըստ Պետրոսեանի) հաշմանդամներու հիմնահարցերը դարձած են կառավարութեան ուշադրութեան առարկայ, այդ ուղղութեամբ կը գործադրուին աջակցութեան բազմաթիւ ծրագիրներ, իսկ պետական յատկացումներով կապահովուին մարմինի արտաքին փոխադիր անդամներ ու լսողական սարքաւորումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.