2009-01-09 13:28:50

Ակնարկ Մը՝Միջազգային ու Գաղութային Լուրերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային ու Գաղութային Լուրերուն։

Իսրայէլ երէկ շարունակեց ռմբակոծել Կազան, մինչ պաղեստինեան դիմադրութիւնը յայտարարեց, որ Պէյթ Լահիայի մէջ երեք իսրայէլացի զինուորներ սպաննած է եւ շարունակած է Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումը ։ Իսրայէլեան յարձակումին 13-րդ օրուան ընթացքին պաղեստինցի զոհերուն թիւը բարձրացած է ՝ 800-ի։ Միւս կողմէ

ՄԱԿ-ի օժանդակութեան աշխատանքներու գործակալութիւնը (ՈՒՆԵՐՈՒԱ) յայտարարեց, որ որոշած է ՝՝Կազայի մէջ իր բոլոր գործողութիւնները առկախել՝՝, որովհետեւ իր կեդրոնները կը ռմբակոծուին ու իր անձնակազմը կը սպաննուի ։ Արդարեւ Իսրայէլեան հրասայլ մը ՝՝ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին՝՝ պատկանող շարասիւնի մը վրայ կրակ բանալով պաղեստինցի երկու աշխատաւորները սպաննած էր։ Իսրայէլ արդէն նախ քան սոյն գործակալութեան պատկանող երկու դպրոցներ հարուածած էր։ Իսկ այն ինչ կը հայի Զինադադրի մը կարելիութեան ո՛չ Իսրայէլ,եւ ո՛չ ալ Համաս իրենց համաձայնութիւնը տուած են զինադադարի եգիպտական-եւրոպական առաջարկին ։Միւս կողմէ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Հանս Կերթ Փոթըրինկ իր կարգին յայտարարութեան մը մէջ շեշտեց անմիջապէս ՝՝զինադադար հաստատելու՝՝ կարեւորութիւնը՝ յայտնելով, որ պաղեստինեան կեանքը նոյնքան արժէքաւոր է, որքան իսրայէլեանը։



Կորան Լենմարքըր 9 Փետրուարին Պիտի Այցելէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Շրջանը։

ԵԱՀԿ-Ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ զեկուցող Կորան Լենմարքըր կը ծրագրէ 9 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շրջան այցելել։ Շուէտի խորհրդարանի միջազգային բաժանմունքի աւագ խորհրդական Էնն-Սոֆի Լինտենպաում ՝՝Արմենփրես՝՝ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ 9 փետրուարէն սկսող շաբթուայ ընթացքին Կորան Լենմարքըր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ պիտի գտնուի եւ պիտի քննարկէ Հարաւային Կովկասի զարգացման եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր։



Էսթոնիայի Նախագահը Կը Զօրակցի ԼՂՀ Հարցի Խաղաղ Լուծումին

Էսթոնիայի նախագահ Թոմաս Հենտրիք Իլուէս Յունուար 12ին Ատրպէյճան այցելութեան նախօրէին ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ ՝՝ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումը միջազգային սերտ եւ մշտական համագործակցութեան կը կարօտի, ինչպէս նաեւ՝ խնդրոյ առարկայ բոլոր կողմերու համբերութեան եւ փոխզիջումներ գտնելու կարողութեան՝՝։Ան նաեւ յայտնած է, թէ իր երկիրը կաջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի գործունէութեան եւ կողջունէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու կողմէ 2008ի Նոյեմբերին ստորագրուած հռչակագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.