2009-01-08 13:43:10

Լուրեր հայ աշխարհէն

Յունուարին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը պիտի այցելէ Հայաստան ,Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ։


Յունուարի կէսերուն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի այցելեն տարածաշրջան ։ Այսպէս յայտնած է ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզան։ Համանախագահներուն այցելութեան նպատակն է բանակցութիւններ կազմակերպել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ։



Եանա Շեւչիքովայի Գիւմրի ֆիլմը պրահայի մէջ

Երկրաշարժի յիշողութեան հոգեբանական ազդեցութիւնը



Այս տարի Հռոմի Սինեմա Տելլա Ռեալդա յայտնի կինօփառատօնի մէջ Գուլդ մրցանակին արժանանալէ եւ շարք մը միջազգային կինօփառատօներուն մասնակցելէ ետք , չեխ կինոբեմադրիչ Եանա Շեւչիքովայի Գիւմրի ֆիլմը պիտի սկսի ցուցադրուիլ չեխական կինօթատրօններէ ներս ։ Պրահայի Օկօ կինօթատրօնի մէջ կազմակերպուած էր շնորհանդէս մը նուիրուած Եանա Շեւչիքովայի իր ՜՜Գիւմրի՝՝ ժապաւէնին համար։ ՜՜Գիւմրի՝՝ ֆիլմը Սպիտակի երկրաշարժի 20-ամեակին նուիրուած հոգեբանական հրաշալի կինօբոէմ մըն է, որը օտարի աչքերով կը բացայայտէ երկրաշարժի գօտիի մէջ ապրող մարդոց հոգեբանութիւնը, կեանքի ու մահուան փիլիսոփայութիւնը, կարօտի ու սիրոյ, հինի ու նորի պայքարը։

Կինօբեմադրիչ Եանա Շեւչիքովայ 2003 –էն ի վեր 8 անգամ Գիւմրի այցելած էր եւ իրեն համար՝ Հայաստանը դարձած էր ուխտավայր մը։ Ան կատարած է 40-է աւելի գիւմրեցիներու հետ զրոյցներ ու հանդիպումները որոնք տուած են իրենց արդիւնքը։ ՜՜Գիւմրի՝՝ ժապաւէնին մէջ ոչ միայն 20 տարուայ չսպիացող վէրքն է, այլեւ ապագայի նկատմամբ հաւատքը, երիտասարդ սերունդի կրթուածութիւնն ու ծնողներու նկատմամբ չմարող յարգանքի վկայութիւնը։ Բեմադրիչը ֆիլմի նկարահանումներէ յետոյ ալ, երկար ժամանակ մնացած է հայաստանեան հանդիպումներու ազդեցութեան տակ։ Ան մտիկ չէ ըրած նոյնիսկ իր Չեխ ընկերներու յորդորներուն որպէսզի հոգեբոյժներու օգնութեան դիմէ, ան չէ ուզած իր մէջ մտցնել որեւէ փոփոխութիւն մինչեւ մոնթաժի աւարտը, որպէսզի իր եւ ստեղծուող ֆիլմի միջեւ կապը չկտրուի։ Ֆիլմը կը ցուցադրուի հայերէն լեզւով՝ չեխերէն մակագրերով։

Ի դէպ, լացի կամ արցունքախառն խօսքի որեւէ տեսարան գոյութիւն չունի ֆիլմին մէջ եւ,անով կը բնորոշուի ՜՜ ֆիլմին հզօրութիւնը՝՝։ Երբեմն հերոսները կարտայայտուին նաեւ ռուսերէնով։ Եանա Շեւչիքովայի 8 վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակ է անոր նոր ֆիլմը արդէն իսկ ստացած է եւրոպական մամուլի դրական գնահատականներուն։

Ֆիլմը պիտի զուզադրուի նաեւ Թորոնթոյի եւ Վարշաւայի կինօփառատօներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.