2009-01-08 13:39:58

 Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Յիսնամեակի առթիւ Ս. Պատարագ։


Կիրակի 4 Յունուար 2009-ին, Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա եկեղեցւոյ յիսնամեակի պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններ։ Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը։ Այսօր ,ըսաւ ան,կը կատարենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ յիսնամեակի տարեդարձը ։ Արդարեւ, 3 Յունուար 1959ին, երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը նորակերտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը կատարած էր մեծ հանդիսութեամբ, ի ներկայութեան Հայ Կաթողիկէ կղերին եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։ Ներկայ էին Վսեմաշուք Կարդինալ Թափփունի, ասորի կաթողիկէ Պատրիարքը, Առաքելական նուիրակը եւ այլազան համայնքներէ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ։ Յաջորդ օրը, 4 Յունուարին էր որ տեղի ունեցաւ պաշտօնական Ս. Պատարագը, զոր մատոյց Ամենապատիւ Կարդինալ Աղաճանեանը եւ որուն ներկայ եղան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վսեմաշուք Զօրավար Ֆուատ Շեհապ։ Ներկայ էին նաեւ զանազան համայնքներու հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ կառավարական մարմիններու բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։ Այս առիթով՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց ընդհանրապէս նոր եկեղեցւոյ կառուցման վաստակաւորներուն եւ յատկապէս բոլոր բարերարներուն։

Այս եկեղեցին (ըսաւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ) նկատուած է Մերձաւոր Արեւելքի ամենագեղեցիկներէն մին։ Անոր ճարտարապետները եղան՝ Տիարք Բասքալ Բապուճեան եւ Էլի Ղուկաս։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Եկեղեցին՝ քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի, ան հաւաքավայրն է կենդանի Եկեղեցւոյ, որ է բազմութիւնը հաւատացեալներու, որոնք միատեղ կու գան աղօթելու եւ իրենց հաւատքին համոզումը արտայայտելու՝ առանձնաբար կամ հաւաքաբար գլխաւորութեամբ իրենց հովիւին։

Այո՛, սիրելիներս, կենդանի եկեղեցին դուք էք։ Ու երբ կը տօնենք այսօր այս քարաշէն տաճարին կառուցման յիսնամեակը, ձեր հասարակութիւնը կը տօնենք, ձեզ կը տօնենք։ Այս տօնը իրաւամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան եւ անոր իւրաքանչիւր հաւատացեալին տօնն է։

Ամէն եկեղեցի եղած է ըլլալու իր զաւակներուն համար միասնականութեան տունը եւ կրթիչ դպրոցը։ Այս միասնականութիւնը կրնայ իրականանալ միմիայն, երբ հաւատքով չափահաս հաւատացեալները իրար զիրար սիրեն, իրարու ներեն իրենց յանցանքերը եւ իրարու հետ համագործակցին, մանաւանդ զանազան Յանձնախումբերու եւ Միութիւններու անդամները։

Այս յիսուն տարիներու ընթացքին եռանդուն հովիւներ ունեցաք, որոնք անսպառ նուիրումով ձեր հոգատարութիւնը յանձն առին, ձեզ ամրապնդելով քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ արծարծելով ձեր մէջ տոհմային ոգին։ Անոնք եղան մատակարարներ սուրբ Խորհուրդներու, բայց աւելի՝ եղան բաշխիչներ աստուածային գթութեան եւ սիրոյ։

Ա յս սուրբ տաճարին մէջ, հարիւրաւոր երեխաներ Աստուծոյ որդիներ դարձան՝ մկրտութեամբ սուրբ Աւազանին մէջ։ Նոյնպէս, զոյգերու պսակները օրհնուեցան եւ բազմաթիւ մանուկներ Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունեցան։ Քանիներ՝ ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդին ապաւինած՝ վերագտան իրենց սրտի խաղաղութիւնը։ Քանի ու քանի մահամերձներ ստացան հիւանդներու օծումը եւ սփոփած սրտով՝ պատրաստուեցան մեծ հանդիպումին, Աստուծոյ հայրական գութին եւ հոգիներու դատաւորին հետ։ Կարելի չէ գնահատել այն բոլոր շնորհքները, զոր Յիսուս պարգեւեց ամէն մէկ խոնարհ հաւատաւորին։ Անոնք գրուած են յաւիտենական դպրութեան գիրքին մէջ։

Յոյժ սիրելիներ, որքան երախտապարտ պէտք է ըլլաք ձեր հովիւին հանդէպ եւ աղօթէք իրեն համար, որպէսզի ուրախութեամբ եւ անձնուրաց հոգիով շարունակէ իր նուիրումի հովուական պաշտօնը։ Կարեւոր է նաեւ յիշել հանգուցեալ ժողովրդապետները։ Աղօթեցէ՛ք յատուկ կերպով քահանայական կոչումներուն համար։

Պարտք կր համարիմ հոս անկեղծ գնահատանքս արտայայտել ձեր ժրաջան ժողովրդապետին, Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ.Վրդ. Եղիայեանին, որ ո՛չ մի ճիգ չխնայեց ձեր հոգ հոգւոցը ապահովելու։ Կարելի չէ չյիշել նաեւ ձեր նախորդ հովիւը՝ Գեր. Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան, որ եկեղեցին շէնցուց եւ ջանաց ձեր բոլորին կարիքներուն հասնիլ։

Կ՛ուզեմ նաեւ սրտագին երախտագիտութիւնս յայտնել Յիսնամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ անդամուհիներուն, եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նուիրուին համայնքի եկեղեցաշէն գործին։








All the contents on this site are copyrighted ©.