2009-01-07 13:54:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 7 Յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։ Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքի եւ ուսուցումին մասին, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Պօղոս առաքեալի ամենէն հետքրքիր մէկ երեւոյթին` Աստուծոյ մատուցանելիք պաշտամունքին վրայ քրիստոնեաներու կողմէ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պօղոս առաքեալի աստուածաբանութիւնը, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը կեդրոնացած է Քրիստոսի Խաչին վրայ որ արմատականօրէն կը բարեփոխէ պաշտամունքին իրադրութիւնը։ Հին պաշտամունքը աւարտեցաւ Աստուածային գերագոյն սիրով մարդացած Քրիստոսի մէջ, սէր մը որ իր լրումին հասաւ Քրիստոսի խաչելութեամբ ու մահուամբ։ Յարուցեալին մարմինը դարձաւ միակ տաճարը։ Ս. Պօղոս Զոհ բառը կը գործածէ երբ կը խօսի քրիստոնէական գոյութեան իրադրութեան մասին։ Հռոմէացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ ան կը գրէ . Եղբայրներ, կը յորդորեմ ձեզ յանուն Աստուծոյ գթութեան, որ դուք ձեզ ընծայէք Աստուծոյ իբերեւ կենդանի, սուրբ եւ հաճելի։ Զոհ բառը ընդհանրապէս կ՛ենթադրէ զոհին մահը եւ ասիկա անմիջականօրէն առնչուած է կեանքին հետ։ Քրիստոնեային համար Աստուած գովաբանել առօրեայ կեանքին մէջ։ Հոգեւոր պաշտամունքը, կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալը, կ՛ենթադրէ կատարուած ծառայութիւն ամենայն վեհանձնութեամբ եւ փառաբանելով ողջ Աստուածը ու երկիրպագանելով անոր։ Մենք կանչուած ենք ապրելու համախոհ մեր հաւատքին ու մարդկային արժանաւորութեան համաձայն, ներքնապէս բարեփոխուելով, եւ ողջագուրելով Ս. Հոգւոյն տուած կեանքին նորութիւնը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնա որ իրենց Հռոմ ուխտագնացութիւնը հաստատէ իրենց յանձնառումը Աստուածսիրութեան ու ծառայութեան մէջ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով անոնցմէ որ Քրիստոսը ըլլայ իրենց կեանքին կեդրոնը, ՜՜որպէսզի իրմէ ստանաք լոյս եւ քաջութիւն՝՝ ըսան Նորին սրբութիւնը։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.