2009-01-07 14:10:57

Աստուածայայտնութեան տօնը Հռոմի մէջ


Երեքշաբթի 6 Յունուար 2009-ին, Հռոմի հայերը տօնեցին Յիսուսի Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ եւ Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մէջ։ Ժամը 11-ին՝ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ հայածէս հանդիսաւոր Ս. Պատարագը զոր մատոյց եւ օրուան տօնին նշանակութեան ու խորհուրդին մասին քարոզեց գերյարգելի Հ. Յովսէփ Ծ.Վրդ. Քելեկեան մեծաւորը Լեւոնեան Ք. Հայ դպրեվանքին։ Եկեղեցին լեցուն էր հայ եւ իտալացի հաւատացեալներով որոնք նաեւ ներկայ եղան պատարագի աւարտին ջրօրհնէքի ու Յիսուսի Մկրտութեան արարողութեան, օրուան կնքահայրն էր հռոմահայ գաղութէն. Ճիովաննի Տայութօ՝ որդին Պրն. ֆրանչէսքօ Տայութոյի եւ Փրօֆ. Աննա Սիրինեանի ։

Սրբզ. Արարողութիւններէն ետք, ներկաները ուղղուեզան Լեւոնեան վարժարանի ճաշասրահը ուր պատրաստուած էր հայկական ճաշատեսակներ։

Հռոմահայերուն համար աւանդութիւն դարձած այս ՜՜Ակաբին՝՝ ներկայ էին մեծաթիւ հայեր եւ իտալացի բարեկամներ։

Այս առթիւ պատրաստուած էր նաեւ երախաներու համար յատուկ հանդէս մը։ Մեծ էր անոնց ուրախութիւնը ՝ ի տես ՜՜Պէֆանայի մուտք գործելուն իր ընծաներով... (ինչպէս գիտենք իտալիոյ մէջ նշանաւոր է Պէֆանան որ ամէն տարի 6 Յունուարին՝ ՝՝Աստուածայայտնութեան տօնին՝՝ կու գայ ու նուէրներ կը բաշխէ բարի մանուկներուն ՝՝գունաւոր ու զարդարուն Գուլպաներու մէջ՝՝ եւ կտոր մը ածուխ կ՝աւելցնէ անոնց որոնք չարութիւններ ըրած են... երախաները իրենց արտասանութիւններով ու երգերով ընդունեցին Պէֆանան որ քաջալերեց զանոնք ու իր բարի խրատները տուաւ անոնց, եւ ապա բաշխեց իր բերած նուէրները ...հայկական երգ ու պարը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ ... Ներկաները մեկնեցան վարժարանէն շնորհակալութիւն յայտնելով Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորին որ ամէն տարի կը հիւրասիրէ զանոնք վարժարանին մէջ, ու նաեւ իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդին, որոնց շնորհիւ՝ կարելի եղաւ իրենց, անցնել հայկական օր մը ու տօնել՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ ,Քրիստոսի Ծնունդն ու աստուածայայտնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.