2009-01-05 13:38:58

Ս. Ծննդեան Տօնը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ


Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին այս տարի եւս ցնծութեամբ տօնեց Ս. Ծնունդը։ 24 Դեկտեմբեր 2008-ի երեկոյեան, միութեան պատանիներն ու երիտասարդները մուտք գործեցին Առաջնորդարան երգելով Խորհուրդ մեծ շարականը, ստանալով համայնքի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեանին ու Գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանին օրհնութիւննները եւ լսելով անոնց հայրական յորդորները, ապա փոքր խումբեր կազմած անոնք այցելեցին համայնքի ընտանիքներու ու միութեան համակիրներու տուները, աւետելով ծնունդը Փրկչին ու երգելով Ծննդեան շարականներ։ Այս առթիւ անոնք ամէն տուն ներկայացուցին յուշանուէր մը որ այս տարի նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետին, անոր ծննդեան 140 ամեակի առթիւ։ Կէս գիշերին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ զոր մատոյց Հայր Մովսէսը ու քարոզեց յաւուր պատշաճի։ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Արմաշ Եպս Նալպանտեանը, որ ինչպէս միշտ այս տարի եւս իր ներկայութեամբ բազմապատկեց համայնքի զաւակներու ուրախութիւնը, նոյնպէս ներկայ գտնուեցաւ Առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Աբգար Քահանայ Գահքէճեանը։ Ս Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնը կատարեցին Քնար երգչախումբի անդամները։ Պատարագէն ետք բոլոր հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ Ռ. Պասմաճեան սրահ ուր ՀԿՄի տիկնանց վարչութեան նուիրեալ անդամուհիները պատրաստած էին ճոխ հիւրասիրութիւն մը ։ Բարեկամներ, համայնքի զաւակներ հաճելի ժամանակ անցուցին փոխանակելով շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ։

25 Դեկտեմբերի առաւօտեան Արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեան մատուցանեց Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան՝ Տոքթ Արշակ Փոլատեանը ու դեսպանատան Ա. քարտուղար Պրն. Կարէն Գրիգորեանը։ Գերապայծառ Տէրը տուաւ իր տօնական քարոզը, ապա պատարագէն ետք Խորհուրդ Մեծ շարականի երգեցողութեամբ, գլխաւորութեամբ Գերապայծառ տիրոջ, հաւատացեալները թափօր կազմած ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճ ուր ընդունուեցան շնորհաւորութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.