2009-01-05 13:11:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը:


 Երեքշաբթի 6 Յունուար 2009, տօն Աստուածայայտնութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10-ին հանդիսաւոր Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ ։ Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ իր գրասենեակի պատշգամէն։ Նշենք թէ այս տարի եւս, կը կրկնուի Հռոմի մէջ, Ս. Պետրոս հրապարակին շուրջ պատմական աւանդութիւնը Աստուածայայտնութեան տօնի 1500 հոգինոց քայլարշաւը, անոնք կը պատկերացնեն մոգերը որոնք կու գան ոգեկոչելու Մանուկ Յիսուսի յայտնութիւնը ժողովուրդներուն։ Մարեմեան աղօթքին աւարտին, մոգերը կը ներկայանան առաքելական պալատ, տալու Սրբազան Հօր իրենց խորհրդանշական նուէրները։

Ամէն տարի մոգերը կու գան Իտալիոյ զանազան մարզերէն։ Այս տարի՝ 2009-ին մոգերը կու գան Ասիզիէն՝ ՜՜խաղաղութեան քաղաքէն՝՝, այն խաղաղութիւնը որ եղաւ կեդրոնը ՜՜աստուածային յայտնութեան՝՝ պարգեւուած՝ համայն մարդկութեան։

Աստուածայայտնութեան տօնը կը զուգադիպի երախաներու միսիոնարական օրուան, որով այդ օրը երախաները հրաւիրուած են վերանորոգելու իրենց յանձնառումը ՜՜Աւետարանի տարածման՝՝ իրենց կեանքի վկայութեամբ։ Երախաներու միսիոնարական օրը այս տարի ունի որպէս բնաբան՝ Պօղոս առաքեալի խօսքը. Վայ ինծի եթէ չքարոզեմ Աւետարանը։ Արդարեւ Յովհաննէս աւետարանիչը իր ընդհանրական առաջին թուղթին մէջ կը գրէ. Մենք կ՛աւետենք ձեզի այն ինչ որ լսեցինք, տեսանք, շօշափեցինք... այսինքն խօսքն է կեանքին, որպէսզի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։

Կիրակի օրը, կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները միանալու ՜՜Արեւելքի պատրիարքներու աղօթքին՝՝ խնդրելով Աստուծմէ՝ Կազայի խաղաղութիւնը։ Կազայէն մեզի հասնող ողբերգական լուրերը (ըսաւ Սրբազան Պապը) ցոյց կու տան թէ երկխօսութեան մերժումը ահաւոր կացութեան կը մատնէ ժողովուրդները, որ անգամ մը եւս զոհ են ատելութեան ու պատերազմի, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ ՜՜պատերազմն ու ատելութիւնը չեն լուծեր խնդիրները՝՝։ Անցեալ դեկտեմբեր 30-ին, Ս. Երկրի պատրիարքները ու եկեղեցապետերը կոչ ըրած էին ՜՜արդարութեան ու խաղաղութեան օր կատարել՝՝ եւ քաջալերած էին հրեաներն ու պաղեստինցիները վերջ դնելու բռնութիւններուն։

ֆրանսայի եկեղեցիներու խորհուրդը իր կարգին, իր տխրութիւնը արտայայտած է ի տես Միջին Արեւելքի անցուդարձերուն, եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.