2009-01-05 13:11:48

Ակնարկ մը՝Միջազգային ու Գաղութային Լուրերուն։


 

Ակնարկ մը՝Միջազգային ու Գաղութային Լուրերուն։

Իսրայէլեան Բանակը Կազան երկու Մասի Կը Բաժնէ Պաշարելով Քաղաքը։ Մարդկային Ողբերգութիւն Կազայի Մէջ։

Իսրայէլեան Բանակը եւ հրասայլեր երէկ Կազան երկու մասի բաժնեցին եւ անոր գլխաւոր քաղաքը պաշարման օղակի մէջ առին։Իսրայէլ օտար լրագրողներուն արգիլած է Կազա մուտք գործել, սակայն պաղեստինցի ականատեսներ կը յայտնեն, որ Իսրայէլ Կազան սահմանային ցանկապատէն մինչեւ Միջերկրական ճեղքելով, զայն բաժնած է երկու մասի։ Զինուորներ եւ զրահապատ մեքենաներ Կազա քաղաքին շուրջ պաշարման դիրքեր առած են։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Իսրայէլի վարչապետին հեռաձայնելով կոչ ուղղեց ցամաքային գործողութիւնը անմիջապէս դադրեցնելու ,միաժամանակ յայտնելով իր խոր մտահոութիւնն ու յուսախաբութիւնը ։

ՍԻՏՆԻ-ի ՝՝PR՝՝ կայքէջէն կը տեղեկանանք որ Աւստրալիոյ կառավարութեան ընդդիմութեան շարքերէն (Ազատական կուսակցութիւն) փոխադրական հարցերու փոխնախարար նշանակուած Կլէտիս Պերեճիքլեան կը գտնուի նախարար նշանակուելու սեմին, եթէ անոր կուսակցութիւնը յաղթական դուրս գայ յաջորդ ընտրութիւններէն։ Նման նշանակում մը հայ քաղաքացիի մը համար առաջինը պիտի ըլլայ Աւստրալիոյ պատմութեան մէջ։ Իր ներկայ պաշտօնին մէջ արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Կլէտիս Պերեճիքլեան սահուն հայերէն կը խօսի եւ տարբեր առիթներով յստակացուցած է, թէ ինք հպարտ է իր ազգային ծագումով։ Ան չէ հետեւած Աւստրալիոյ քաղաքական կամ տնտեսական կեանքին մասնակից դառնալու նպատակով, մականունը փոխած այլ հայերու օրինակին, պահելով աւստրալացիներու համար դժուար հնչուող Պերեճիքլեան իր մականունը։

Քրտերէնը՝ Թուրքիոյ Պետական Կայանէն։

Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան քրտերէն լեզուով յաջողութիւն մաղթած է ՝՝ԹՌԹ 6՝՝ պետական կայանին, որ այս տարի սկսաւ քրտերէն հաղորդում ընել։ Վարչապետ Էրտողան ըսաւ, որ ասիկա դրական քայլ մըն է, որուն պիտի յաջորդեն ուրիշ դրական քայլեր եւս։ Վարչապետ Էրտողանի բարեմաղթութեան յաջորդած է նաեւ Բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի նախագահին մէկ հաղորդումը, ըստ որուն, կը քննուի Թուրքիոյ երկու համալսարաններուն մէջ բանալ քրտերէն լեզուի ու գրականութեան ամպիոններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.