2009-01-04 14:19:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի յունուար 4, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօրուան ծիսակատարութիւնը կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու Յովհաննէս Աւետարանի նախաբանը, ուր դարձեալ կը խօսուի Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդին մասին. Սկիզբն էր Բանն եւ Բանն Աստուծոյ քովն էր եւ Բանն Աստուած էր։ եւ ահա անիմանալի նորութիւնը եւ մարդկօրէն անըմբռնելի. եւ Բանն մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ։ Յովհաննէս առաքեալը, որ Յիսուսի հետ եղաւ եւ ականատես եղաւ Քրիստոսի խաչելութեան ու մահուան, սերտօրէն համոզուած է թէ Յիսուս` մարդացեալ Աստուծոյ Իմաստութիւնն է, անոր յաւիտենական Խօսքը որ դարձաւ մահկանացու մարդ։ Բեթեղհէմի Մանուկը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը յայտնէ ու կը հաղորդէ մեզի սիրող Աստուծոյ դէմքը։ Յովհաննէս Աւետարանիչը կ՛ըսէ. ոչ ոք երբեք Աստուած տեսած է, բայց Միածին Որդին որ Հօր ծոցն է, ինք յայտնեց մեզի։ Մարիամ առաջինը եղաւ որ տեսաւ Բանն մարմին եղաւ եւ դարձաւ աթոռ Իմաստութեան։։ Ամէնքս կանչուած ենք ճանչնալ եւ ընդունիլ Քրիստոսը ու փորձարկել անոր հաւատարիմ եւ անհատնում սէրը։

մարեմեան աղօթքէն ետք նորին սրբութիւնը կոչ ըրաւ վերջ տալու ս. Երկրի մէջ տեղի ունեցող զինեալ ընդհարումին, հրաւիրելով քրիստոնեայ աշխարհը միանալու ս. Երկրի եկեղեցապետերու աղօթքին. վերջ դնել ընդհարումին ու անարդարութեան։ Ս. Երկրի հարցերը կարելի չէ լուծել պատերազմով եւ ատելութեամբ ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը։

Հուսկ նորին սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Ս. Կոյս Մարիամի օրինակը օգնէ մեզի ապրելու Յիսուսի հետ։ Բոլորիդ կու տամ իմ առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.