2009-01-04 14:20:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ ամիսներու ծիսական ժամանակացոյցը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ ամիսներու ծիսական ժամանակացոյցը

6 Յունուար 2009, տօն Աստուածայայտնութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

Յունուար 11ին` Յիսուսի մկրտութեան տօնին, Սրբազան Հայրը Պատարագ պիտի մատուցանէ Սիքստեան մատրան մէջ եւ մկրտութեան խորհուրդը պիտի մատակարարէ խումբ մը նորածիններուն։

Հուսկ Յունուար 25ին, Ս. Պօղոս առաքեալի դարձի յիշատակութեան օրը, Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը ու եզրափակէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.