2009-01-04 14:21:35

Ակնարկ Մը՝Հազիւ Մեր Ետին Թողած 2008-ը Տարուայ Տարեդարձներու եւ Տարելիցներու Վրայ։


2008-ին Յիշատակեցինք Րաֆֆի-ի մահուան 70-ամեակը։

Րաֆֆի ո՛չ միայն եղաւ եւրոպական վիպագրութեան հիմնադիրը, մեր մէջ, այլեւ եղաւ իր ժամանակաշրջանի քաղաքական ու ընկերային դէպքերու հզօր արտայայտիչը։ Մարդկային հոգիի անզուգական այս ճարտարապետը կարողացաւ ընտրել հոգեխօս նիւթեր, անոնց տալ վարպետ կառոյց եւ մանաւանդ՝ իր ժամանակէն առաջ հսկայ ուսում մը գործելով՝ կրցաւ ստեղծել իր լեզուն, ամէնուն բացարձակապէս հասկնալի լեզու մը։ Ծնած 1835ին, Պարսկաստանի Սալմաստ գաւառի Փայաջուկ գիւղին մէջ, Մելիք Միրզայի 13 զաւակներուն անդրանիկն էր Րաֆֆի։ Պատմական Տէր Թոդիկի դպրոցէն ետք, հինգ տարի յաճախեց Թիֆլիսի գիմնազիոնը, զոր հօրը մահուն պատճառով ստիպուեցաւ կիսատ ձգել։ Րաֆֆի իր ուսումը ամբողջացուց ինքնազարգացումով։ Պարսկաստանէն սկսաւ աշխատակցիլ ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ին եւ ՝՝Հիւսիսափայլ՝՝ին 1870ին, փոխադրուելով Թիֆլիս, գործօն մասնակցութիւն բերաւ ՝՝Մշակ՝՝ի հաստատման մէջ, դառնալով անոր նուիրեալ աշխատակիցներէն մին, բայց 1885ին խզուելով Գ. Արծրունիի հետ, սկսաւ աշխատակցիլ ՝՝Արձագանգ՝՝ շաբաթաթերթին։ Րաֆֆի ուսուցչական պաշտօն վարեց նախ Թաւրիզ, ապա՝ Ագուլիսի մէջ, ուր ականատես եղաւ 1877-78ի ռուսեւթուրք պատերազմի հետեւանքով իրենց ծննդավայրէն տեղահանուած բազմահազար հայութեան տառապանքներուն։ Իրապաշտ եւ միաժամանակ վիպապաշտ մըն էր ան ։ Րաֆֆի սովորական վիպասան մը չէր, այլ պատմագէտ-ազգագրագէտ քաղաքական յեղափոխական քարոզիչ մը, որ կռեց ու կոփեց հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը եւ իր կախարդիչ գրչով անոնց յուսահատ հոգիին տուաւ ազգային հպարտութիւն ու իտակցութիւն, ինչպէս եւ պայքարի ու ազատութեան սէր եւ օր մը հայրենիքը ազատ տեսնելու անմար յոյս։ Իր ՝՝Ձայն տո՛ւր, ո՛վ ծովակ՝՝ երգը եւ ՝՝Խենթին երազը՝՝, այդ օրերուն երեւակայական, այսօր արդէն իրականութիւն դարձած են։ Րաֆֆի բնութեան հարազատ նկարիչն է, երբ իր մտքի երանգապնակի հարուստ գոյներով մեզի կուտայ պատկերները Արարատեան դաշտի առաւօտեան, Ռշտունեաց աշխարհի վայրի գեղեցկութեան, Վանայ ծովի պատկերին եւ այլ շատ մը կտորներու մէջ, ուր իր լեզուն իր պարզութեան մէջ կը դառնայ վսեմ։ Րաֆֆի եղաւ հայ ժողովուրդի ամենասիրելի եւ մեծ վիպասաններէն մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.