2009-01-02 14:12:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Նոր տարուայ քարոզը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Նոր տարուայ քարոզը` բռնութիւնը եւ ոխակալութիւնը աղքատութեան նշաններէն մէկն են։



Ս. Պետրոս մատուցած պատարագին, 2009-ի առաջին օրը, Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ ըսաւ թէ աղքատութեան արտայայտութեններէն մէկն են բռնութիւնը, ոխակալութիւնը եւ անվստահութիւնը։

Իր այս պատարագով Սրբազան Քահայանապետը յիշատակեց Մարիամ Աստուածածնայ տօնը եւ խաղաղութեան համաշխարհային 42-րդ օրը։

Իր քարոզին մէջ, սրբազան Հայրը, երկարօրէն անդրադառձաւ խաղաղութեան համաշխարհային 42-րդ օրուան մասին, որու բնաբանն է. Պայքարիլ աղքատութեան դէմ, կերտելու համար խաղաղութիւնը։ Արդարեւ` աղքատութիւնը յաճախ այն պատճառներէն է որ առիթ կու տայ բախումներու եւ կը ծանրացնէ զանոնք, հասցնելով մինչեւ իսկ զինեալ պայքարներու։ Իսկ պատերազմները, իրենց կարգին` կը յառաջացնեն աղքատութեան ողբերգական վիճակը աշխարհի վրայ։ Ապա Սրբազան Պապը Աղքատութեան դէմ պայքարի համար հետեւեալ լուծումներ առաջարկեց. Համաշխարհային զօրակցութիւն հարուստ եւ աղքատ երկիրներու միջեւ. Բանաձեւելու է եւ կիրարկելու միաձեւ բարոյական օրինագիրք մը։ Համաշխարհային շուկայի մէջ նկատի առնելու է տնտեսապէս տկար երկիրներու վերելքը, օգնելով անոնց իրենց ջանքերուն մէջ։ Իրաւական գետնի վրայ եւս, նոր օրէնքներ ստեղծելով` պէտք է կարելի դարձնել բոլոր ազգերու անխտիր մուտքը համաշխարհային շուկային մէջ։ Հարկաւոր են անձեր որոնք նուիրուին այս սրբազան գործին, դադրեցնելով անարդարութիւնները աշխարհի վրայ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Եկեղեցին միշտ մտահոգուած է աղքատներու կացութեամբ, որով անոնց մէջ կը տեսնէ Քրիստոսը եւ այն խօսքը զոր կ՛ուղղէ իր առաքեալներուն, հացերու հրաշքէն առաջ` երբ կ՛ըսէ. Դուք տուէք անոնց ուտելիք։ Տիրոջ այս կոչին համապատախանելով, քրիստոնեայ Հասարակութիւնը միշտ կ՛օգնէ մարդկութեան, իր զօրակցութիւնը ընծայելով բարեսիրական բոլոր շինիչ ու օգտակար ձեռնարկներուն։ Քրիստոսի իւրաքանչիւր հաւատացեալին, ինչպէս նաեւ բոլոր բարի կամք ունեցողներուն կ՛ըսեմ. Լայն բացէ՛ք ձեր սրտերը դէպի կարօտեալները եւ ջանք մի խնայէք ամէն ձեւով օգնելու անոնց, յագեցնելով անոնց կարիքները. որովհետեւ աղքատութեան դէմ պայքարելով է որ կը կերտուի խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.