2009-01-02 14:12:42

Անիի Մէջ Յուշարձաններու Վերականգնումի գործը


Լուրեր հայ աշխարհէն։

Անիի Մէջ Յուշարձաններու Վերականգնումի գործը

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ձեռնարկած է Անիի աւերակներուն մէջ կարգ մը պատմական յուշարձաններ վերականգնելու գործին։ Առաջին երկու ձեռնարկները պիտի վերաբերին Տիգրան Հոնենցի եկեղեցիին ու Էպուլ Մէնուճէհրի մզկիթին։ Այս աշխատանքին առընթեր, նախարարութիւնը Հայաստանէն լուծում մը կը պահանջէ սահմանամերձ քարահանքերու մէջ կատարուած վնասակար աշխատանքին համար։ պէտք է կատարուի նախ Հոնենցի եկեղեցիի պատերուն շուրջ պեղումի ու շրջափակի մաքրութիւն որմէ ետք շէնքին բուն տախտակամածը մէջտեղ պիտի հանուի, տանիքը պիտի մաքրուի ու երեւան պիտի հանուի բուն ծածկոյթը։ Նմանօրինակ աշխատանք պիտի տարուի նաեւ մզկիթին վրայ։ Աշխատութիւններ կը կատարուին նաեւ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ վերականգնումին համար։ Նախարարութիւնը ծրագրած է Անիի շրջանը դարձնել զբօսաշրջական կարեւոր կեդրոն։ Այս պատճառաւ ընկերատնտեսային ու մշակութային տեսանկիւնէ վերականգնումի պիտի ենթարկուի Օճաքլը գիւղը, որ կը գտնուի Անիի աւերակներու անմիջական շրջանակին մէջ։ Պիտի կազմակերպուին նաեւ տեղացի ժողովուրդին ուղղեալ ուսուցողական ու կրթական յայտագիրներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ժողովուրդին սորվեցնել պատմական յուշարձանները պահել-պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Անիի մասին գիրքեր ու տեղեկատուական թռուցիկներ պիտի պատրաստուին, տեսասկաւառակներ (DVD-ներ) հրապարակ պիտի հանուին, որպէսզի թափ տրուի հողատարածքի զբօսաշրջութեան։ Այս ուղղութեամբ գործակցութիւն պիտի հաստատուի նաեւ Փարիզի Սորպոն համալսարանին հետ։ Վերականգնումի ծրագիրներուն մէջ տեղ ունի նաեւ Մայր տաճարի վերականգնումը։

Հայաստան Հիմնադրամը Կ՛աւարտէ Հադրութի Շրջանային Հիւանդանոցի Նորոգութիւնը։ԵՐԵՒԱՆ-Ղարաբաղի Հադրութ շրջանին համար այս տարեվերջը յատկանշուած է կենսական կարեւորութիւ ունեցող երկու ծրագիրներով՝ ՝՝Հադրութի շրջանային հիւանդանոցի հիմնանորոգման ու կահաւորման, եւ ՝՝Տող-Հադրութ՝՝ կազատարի շինարարական աշխատանքներու աւարտով։1982ին կառուցուած Հադրութի շրջանային հիւանդանոցը երբեք չէր համապատասխաներ արդի բուժական սպասարկման պահանջներուն։ Շրջանը սպասարկող միակ հիւանդանոցը պէտք էր արդիւնաւէտ կերպով սպասարկել շուրջ 12,000 բնակիչներու կարիքներուն։Շուրջ 1 միլիոն տոլար արժող ծրագիրը կը հովանաւորէ Հայաստան հիմնադրամի Ամերիկայի արեւմտեան ափի տեղական մարմինը։Հադրութի շրջանին մէջ բուժական սպասարկումը աւելի հասանելի դարձնելու համար, Հիմնադրամը հիւանդանոցին նուիրաբերած է շտապօգնութեան 4 նոր մեքենաներ, որոնք օժտուած են համապատասխան սարքաւորումներով։ Հիւանդանոցին ղեկավարութիւնը նպատակայարմար գտած է մեքենաներէն մէկը տրամադրել հիւանդանոցէն շուրջ 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տնուող Տող գիւղի բուժական կեդրոնին։Միւս կողմէ, շուտով շահագործման կը յանձնուի նաեւ ՝՝Տող-Հադրութ՝՝ 22 քիլոմեթր երկարութեամբ կազատարը, որ երկնագոյն վառելիքով պիտի ապահովէ հադրութի եւ այլ 7 գիւղերու բնակիչները, ինչպէս նաեւ պիտի սպասարկէ նորակառոյց հիւանդանոցին։ Կազատարի շինարարութիւնը (ընդհանուր արժէքը՝ շուրջ 444 միլիոն դրամ) իրականացած է՝ ՝՝Արցախի վերածնունդ՝՝ ծրագիրին շնորհիւ։



Աւելի Քան 85 Պատկերասփիւռներ Եւ Ռատիօկայաններ Կը Գործեն Հայաստանի Մէջ։

Պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ազգային յանձնաժողովը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի մէջ սեփական 71 պատկերասփիւռի ալիքներ եւ 15 ռատիօկայաններ հաղորդումներ կը սփռեն։ Պատկերասփիւռի մասնաւոր կայաններէն 27ը մալուխային (cable) են, իսկ 42ը՝ եթերային (satellite)։Վերջերս սփռելու արտօնագիր տրուած է նաեւ հեռատեսիլի երկու եթերամալուխային (cable-satellite) ընկերութիւններու, որոնք սկսած են հեռարձակելու միայն Երեւանի մէջ՝ ՝՝Սուփըր սիսթըմ՝՝ եւ ՝՝AA TV՝՝ անուններով։ Սեփական պատկերասփիւռի ընկերութիւններուն մէջ, ցարդ հանրապետական ամենամեծ սփռումը ապահոված են ՝՝Հ2ը՝՝, ՝՝Արմենիան՝՝ եւ ՝՝ԱԼՄ՝՝ը։

Հայաստանի մէջ պետական ֆինանսաւորումով կը գործեն նաեւ Հանրային եւ մշակութային պատկերասփիւռի ՝՝Արարատ՝՝ կայանները եւ Շիրակի Հանրային հեռատեսիլի եւ ռատիօընկերութիւներու խումբը, իսկ միջպետական պայմանագիրներով կը սփռուին ՝՝OPT՝՝, ՝՝PTP՝՝, ՝՝Քուլթուրա՝՝, ՝՝Միր՝՝ պատկերասփիւռի ընկերութիւններու հաղորդումները։Սեփական 11 ռատիօկայաններ իրենց հաղորդումները կը սփռեն Երեւանի մէջ, ՝՝Շանթը՝՝՝ Շիրակի, իսկ ՝՝Միգը՝՝ Լոռիի. հանրապետական սփռում կապահովեն սեփական երկու ռատիօընկերութիւններ՝ ՝՝ԱՐ՝՝ն եւ ՝՝Ռատիօ հայ՝՝ը։ Միջպետական ծրագիրով կը հաղորդուին նաեւ ֆրանսական ռատիօհաղորդումներ. պետական ֆինանսաւորումով կը գործէ նաեւ Հանրային ռատիօկայանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.