2009-01-01 12:16:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը


Հինգշաբթի` Մէկ Յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ՜՜այսօր 2009 տարւոյն առաջին օրը, ուրախ եմ բոլորիդ մաղթելու խաղաղութիւն եւ ամէն բարիք։ Այս օրերուն կը տօնախմբենք Յիսուսի մարդեղութիւնը, որ ծնաւ ամենասուրբ Կոյս Մարիամէն։ Աստուծոյ շնորհքով միայն՝ կարող ենք յուսալ լաւ օրեր։ Արդարեւ Աստուած մեզի խօսեցաւ իր Միածին Որդիին միջոցաւ եւ կը շարունակէ մեզի խօսիլ Աւետարանի ու մեր խղճին միջոցաւ։ Յիսուս ամէնուն ցոյց տուաւ փրկութեան ճամբան։ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետի կամքով, եկեղեցին կը յիշատակէ տարւոյն առաջին օրը որպէս խաղաղութեան համաշխարհային օր։ Այս տարուան (2009)ի բնաբանն է. ՜՜Պայքարիլ աղքատութեան դէմ, կերտելու համար խաղաղութիւնը))։ Իմ այս պատգամով (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) կ՛ուզեմ երկխօսութեան մէջ մտնել ազգերու ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, բերելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ նպաստը, հաստատելու մարդու արժանաւորութեան վայել համաշխարհային նոր կարգ մը ։ Յիսուս քարոզութիւն չկատարեց աղքատներու ի նպաստ, սակայն անոնց բերաւ իր Աւետարանը. Եկեղեցին նոյնը կը կատարէ մշտատեւ մարդու դատը պաշտպանելով։ Ս. Կոյս Մարիամէն հայցենք որպէսզի օգնէ մեզի միասնաբար ընթանալու խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։

Ապա նորին սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իրենց բարեմաղթութիւնները ուղղեցին Յիսուսի Ս. Ծննունդին եւ ամանորին առթիւ։ Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին մաղթելով անոր եւ բոլոր իտալացիներուն խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։

Ապա Սրբազան Հայրը ողջունեց բոլոր անոնց որոնք մասնակցեցան նոր տարուայ խաղաղութեան քայլարշաւին, յատուկէն ողջունեց Ընտանեկան Սիրոյ շարժումի անդամները, որոնք երէկ գիշեր աղօթքի հսկում կատարեցին Ս. Պետրոս հրապարակը, աղօթելով՝ ընտանիքներու սրտի խաղաղութեան համար։ Հուսկ նորին սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները որ հետամուտ ըլլան կատարելու Աստուծոյ կամքը, որպէսզի (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ ) խորապէս ու վստահութեամբ ապրինք Տիրոջ սքանչելագործութիւնները մեր կեանքին մէջ։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ նոր տարի խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.