2009-01-01 12:21:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատարագը, 2009’ Նոր Տարուայ առաջին օրը:


Այսօր Հինգշաբթի մէկ Յունուար 2009, Նոր Տարուայ առաջին օրը, խաղաղութեան համաշխարհային 42-րդ օր, հաստատուած՝ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետէն 1967ի 8 Դեկտեմբերին։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այս տարուայ խաղաղութեան բնաբանն է ՜՜պայքարիլ աղքատութեան դէմ, կերտել խաղաղութիւնը՝՝։

Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատոյց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանական մարմնին։ Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին. կարտինալ Պերթոնէ Վատիկանի Պետական քարտուղարը, կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը. գերապայծառ ֆիլոնի գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի պատասխանատուն եւ գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթի` Վատիկանի արտգործ նախարարը։

Կէսօրին նորին սրբութիւնը հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն։

Այսօրուան Պատարագին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտներ որոնց մէջ նաեւ հայազգի Նարօտ Ատուրեան։

Արդարեւ՝ Լիբանանէն տասներկու հոգինոց մանուկներու խումբ մը՝ կաթողիկէ վարժարաններէն ընտրուած, 29 դեկտեմբեր 2008-ին Լիբանանէն մեկնած էին դէպի Վատիկան, մասնակցելու՝ մէկ Յունուար 2009-ին Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետի մատուցելիք Ս. պատարագին։ 12 հոգինոց մանուկներու խումբին մաս կը կազմէ նաեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներէն Նարօտ Ատուրեան. աշակերտներու այս խումբը կը հիւրընկալուի մինչեւ 5 յունուար 2009։ Այս ուրախալի դէպքը իրականացած է շնորհիւ փրոֆ. Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոներուն անոնք Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի Տի.Էմ.Էս Օնլուս քրիստոնէական բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ եւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի բարերարներն են։

Նկատի ունենալով, որ Լիբանանը երկարատեւ պատերազմ տեսած երկիր է, փրոֆ. Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոները մեծ սիրով Նարօտի միջոցով Իրաքի մանուկներուն իբրեւ Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի նուէր կը նուիրեն 10 հազար ամերիկեան տոլար։ Այս նուիրատուութեամբ անոնք կու գան լիբանանահայ մանուկներուն անունով ողջունելու Իրաքի մանուկները, որոնք լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ է պատերազմը եւ օրական դրութեամբ կապրին անոր վնասները։ Կաղօթենք, որ Ս. Հոգին օգնէ խաղաղութեան մէջ պահելու աշխարհի բոլոր մանուկներն ու անոնց ընտանիքները։ Այս գումարը Նարօտ յանձնեց սրբազան քահանայապետին, որպէսզի ան իր ձեռամբ այդ նուէրը հասցնէ Իրաքի կաթողիկէ մանուկներուն։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.