2009-01-01 12:37:50

Պայքարիլ աղքատութեան դէմ, կերտելու համար խաղաղութիւնը

Հատուածներ Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապի պատգամէն

Համաշարհային Խաղաղութեան Օրուայ առթիւ

1 Յունուար 2009


RealAudioMP3 Պայքարիլ աղքատութեան դէմ, կերտելու համար խաղաղութիւնը

Հատուածներ Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապի պատգամէն

Համաշարհային Խաղաղութեան Օրուայ առթիւ

1 Յունուար 2009

Այս նոր տարուայ սկզբնաւորութեան, կ՛ուզեմ ուղղել բոլորին իմ խաղաղութեան պատգամս, հրաւիրելով ամէն մէկը խորհրդածելու այս նիւթին շուրջ. Պայքարիլ աղքատութեան դէմ, կերտելու համար խաղաղութիւնը։ Արդարեւ` աղքատութիւնը յաճախ այն պատճառներէն է որ առիթ կու տայ բախումներու եւ կը ծանրացնէ զանոնք, հասցնելով մինչեւ իսկ զինեալ պայքարներու։ Իսկ պատերազմները, իրենց կարգին` կը յառաջացնեն աղքատութեան ողբերգական վիճակը աշխարհի վրայ։

Կը պայքարինք աղքատութեան դէմ` նախ եւ առաջ ուշադիր նկատողութեամբ համաշխարհայնացումի բարդ իրականութեան։ Նկատի առնելու ենք աղքատները իրազեկ ըլլալով թէ ամէնքս – համայն մարդկութիւնը - կը մասնակցինք աստուածային միակ ծրագրի մը, որ է կերտել մէկ ընտանիք մը ուր բոլորը, իւրաքանչիւր ազգ եւ անհատ, իրարու հետ կենակցին յենած եղբայրութեան եւ պատասխանտուութեան սկզբունքներուն վրայ։

Ապա նկատի առնելու ենք որ կան նաեւ աղքատութիւններ որոնք պարզապէս միայն նիւթական չեն. Լքուածութիւնը, երկրորդական կարգի դասուիլը, մտային, բարոյական ու հոգեւոր աղքատութիւնը կը յառաջացնեն անձեր որոնք ներքսապէս կորուսած են իրենց ուղղութիւնը, նոյնիսկ եթէ տնտեսական գետնի վրայ յարաբերաբար լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին։

Ի՞նչ են պատճառները աշխարհի մէջ տիրող աղքատութեան։

Յաճախ կ՛ըսուի թէ աղքատութիւնը մարդկային աճի հետ առնչութիւն ունի, սակայն փաստուած է թէ շատ մը երկիրներու մէջ` մարդկային աճը նպաստած է աղքատութեան նուազեցումին։

Նաեւ կարգ մը համաճարակի բնոյթ ունեցող հիւանդութիւններ արգելք կը հանդիսանան մարդկային յառաջդիմութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարին։

Շատ աւելի ցաւալի է վերջապէս իարականութիւնը մանուկներու աղքատութեան, որ յաճախ կ՛առաջնորդէ դէպի անօթութիւն եւ մահ. Մասնաւորապէս խնամք տանելու է մայրերու դաստիարակութեան եւ առողջապահական օրէնքներու կիրարկման։

Չորրորդ պատճառ մը աղքատութեան կը հանդիսանայ երկիրներու յարաճուն վազքը դէպի զէնքերու վաճառքը։ Որքան շատ գումարներ ծախսուին զէնքերու գնումին համար, այնքան աւելի կը նուազի աղքատներու տրամադրուելիք գումարը, որ պիտի օգնէր երկրի մը տնտեսական բարելաւման։

Ի վերջոյ աղքատութեան գլխաւոր պատճառներէն մին կը նկատուի սննդամթերքի տագնապը, եւ ակնյայտ է անհաւասարութիւնը երկիրներու միջեւ։

Աղքատութեան դէմ պայքարի համար հետեւեալ լուծումները կ՛առաջարկեմ.


Այսօրուայ համաշխարհայնացած իրականութեան մէջ, կարելի չէ ըմբռնել խաղաղութեան հաստատումը եթէ ոչ` ամէնուն ապահովելով բանաւոր բարգաւաճում մը։ անհեթեթ պիտի ըլլար շինել ոսկեայ տուն մը շրջապատուած անապատներով։

Եկեղեցին միշտ մտահոգուած է աղքատներու կացութեամբ, որով անոնց մէջ կը տեսնէ Քրիստոսը եւ այն խօսքը զոր կ՛ուղղէ իր առաքեալներուն, հացերու հրաշքէն առաջ` երբ կ՛ըսէ. Դուք տուէք անոնց ուտելիք։ Տիրոջ այս կոչին համապատախանելով, քրիստոնեայ Հասարակութիւնը միշտ կ՛օգնէ մարդկութեան, իր զօրակցութիւնը ընծայելով բարեսիրական բոլոր շինիչ ու օգտակար ձեռնարկներուն։

Քրիստոսի իւրաքանչիւր հաւատացեալին, ինչպէս նաեւ բոլոր բարի կամք ունեցողներուն` կ՛ուղղեմ պատգամս, այս նոր տարուան սեմին. Լայն բացէ՛ք ձեր սրտերը դէպի կարօտեալները եւ ջանք մի խնայէք ամէն ձեւով օգնելու անոնց, յագեցնելով անոնց կարիքները. որովհետեւ աղքատութեան դէմ պայքարելով է որ կը կերտուի խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.