2009-01-01 13:05:10

Լուրեր հայ աշխարհէն։


Լուրեր հայ աշխարհէն։

Ղարաբաղի Կառավարութիւնը Կ՝օժանդակէ Ոչ Պետական Մամուլին։ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ- ԼՂՀ կառավարութիւնը որոշած է իր 2009-ը տարուայ ամավարկէն 60 միլիոն դրամ յատկացնել՝ ոչ պետական մամուլին եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն։ Ամավարկէն բաժին մը պիտի ստանան ոչ պետական հասարակական այն կազմակերպութիւնները, որոնք կօժանդակեն Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու հարազատներուն, ԼՂՀ անհետք կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ՝ գրողներու եւ նկարիչներու միութիւններուն



2009ին Օդային Ուղիղ Կապ՝ Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ։

ԵՐԵՒԱՆ- 2009ի առաջին կիսամեակին հաւանական է, որ Հայաստան օդային ուղիղ կապ ունենայ Չինաստանի հետ։ Այս գծով Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան հաղորդած է լրագրողներուն, թէ չինական սեփական կազմակերպութիւն մը կաշխատի ՝՝Երեւան-Ուռումչի՝՝ օդանաւային չուերթ հաստատելու ուղղութեամբ։ Կազմակերպութեան ղեկավարը այս տարի այցելած է Հայաստան, բանակցութիւններ վարած է Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան, ինչպէս նաեւ՝ ՝՝Արմաւիա՝՝ ընկերութեան ղեկավարութեան հետ։

Կը նախատեսուի, որ 2009-ը տարուայ առաջին եռամսեակին, չինացի ներկայացուցիչը անգամ մը եւս ժամանէ Հայաստան՝ չուերթի գործադրման մանրմասնութիւնները քննարկելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.