2008-12-30 12:17:26

Վատիկանեան տեղեկութիւններ: Pax Christi եկեղեցական շարժումի խորհրդաժողովը


Դեկտեմբեր 30 եւ 31-ին Pax Christi եկեղեցական շարժումը խորհրդաժողով մը կը գումարէ Իտալիոյ Բալերմօ քաղաքը ՜՜խաղաղութիւն եւ հարաւային հողամասերը՝՝ նիւթով։ Ժողովին նպատակն է խորհրդածել եւ պատրաստել ամավերջի խաղաղութեան քայլարշաւը Սիկիլիոյ մայրաքաղաքը, որ վերջին տասնամեակներուն յատկանշուեցաւ տառապանքով ու վիշտով։ Այս նախաձեռնութեամբ Pax Christi եկեղեցական շարժումի անդամները կ՛ուզեն յոյս ներշնչել Սիկիլիոյ բնակիչներուն որպէսզի շարունակեն իրենց պայքարը՝ ՜՜կազմակերպուած ոճրագործութիւններու դէմ՝՝։ Քայլարշաւը կը գլխաւորէ գերապայծառ Թոմաս Վալենդինին` նախագահը Pax Christi եկեղեցական շարժումին։ Քայլարշաւին բնաբանը ներշնչուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի՝ 2009-ի խաղաղութեան պատգամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.