2008-12-30 12:14:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Սրբազան Պապին համար 2009-ն պիտի ըլլայ Ափրիկէի տարի։


Սրբազան Պապին համար 2009-ն պիտի ըլլայ Ափրիկէի տարի։

2008 տարին, Նորին Սրբութեան համար եղաւ յանձնառումով լեցուն տարի մը տարբեր ճակատներու վրայ. սկսելով հովուական ճամբորդութիւններէն ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանագները, ՄԱԿի կեդրոնը, Աւստրալիան եւ ֆրանսան. ու այցելելով Փարիզ եւ Լուրտի մարեմեան ուխտավայրը։ Համամիութեան գետնի վրայ, Սրբազան Պապը Մայիս ամսոյն, Վատիկանի մէջ ընդունեց Գարեգին Բ ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Նոյեմբերին` Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։

Միջկրօնական գետնի վրայ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը համամիութենական երկխօսութիւն հաստատեց Իսլամ կրօնքի հետ, կազմակերպելով՝ Վատիկանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին բացայայտօրէն եւ անկեղծութեամբ խօսուեցաւ մարդու իրաւունքներու եւ կրօնի ազատութեան մասին։

Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը, 2008ի ընթացքին, բազմաթիւ անգամներ իր ձայնը բարձրացուց, պաշտպանելու՝ հալածուած քրիստոնեաները երկրագունդի զանազան վայրերու մէջ եւ յատկապէս Ասիա` Հնդկաստանի Օրիսա մարզին մէջ։ Արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայյապետը 2008ին, հանդիսացաւ ճշմարիտ հաւատքի աւետաբերը, շնորհիւ՝ վարդապետութեան բարձր ուսուցումին։ 2008ը մասնաւորապէս յատկանշուեցաւ Պօղոս առաքեալի յոբելեան տարիով։

Սրբզ. Պապը նաեւ, եղաւ պահապանը՝ մարդկային արժէքներուն, դատապարտելով մեծ երկիրներու ընչաքաղցութիւնը եւ պաշտպանելով տկար եւ աղքատ երկիրները, որոնք գլխաւոր զոհերը եղան համաշխարհային ֆինասական տագնապին։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 2009 ին կատարելիք այցելութիւնները

Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ Մարտ ամսոյն ընթացքին պիտի այցելէ ափրիկեան երկու երկիրներ ՜՜Գամերուն եւ Անկոլա՝՝ , իսկ հոկտեմբերին Վատիկանին մէջ պիտի գումարուի Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսը։ Իսկ Մայիսին՝ նախատեսուած է Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Ս. Երկիր։

Քահանայապետական անուանում

Նորին Սրբութիւնը նշանակեց գերապայծառ Մարիօ Զէնարին որպէս առաքելական դեսպան Սուրիոյ հանրապետութեան մօտ. ան նախապէս առաքելական դեսպան էր Սրի Լանքայի մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.