2008-12-30 11:36:41

Ակնարկ Մը Տարեվերջի Դէպքերուն։



Հայաստանի Վարչապետը Կ՝ընդունի Ազգային Փոքրամասնութեանց Ներկայացուցիչները։


Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անցեալ շաբաթավերջին ընդունած է Հայաստանի Ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։ Քննարկուած են ազգային փոքրամասնութիւնները յուզող՝ ընկերային, կրթական, մշակութային եւ այլ խնդիրներ։ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Տիգրան Սարգսեան նշած է, թէ Նոր Տարուան սեմին Ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ այս հանդիպումը լաւ առիթ է մէկ կողմէ՝ քննարկելու զանոնք մտահոգող խնդիրները, միւս կողմէ՝ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու՝ յաջորդ եւ հետագայ տարիներուն ընելիքներուն վերաբերեալ։



Երեւանի մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած Ձմեռնային Փառատօն Մը։

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ Հայաստանի բնակչութեան մօտ Տօնական եւ Նախատօնական լաւ տրամադրութիւն ստեղծելու եւ ձմեռնային զբօսաշրջութիւնը խթանելու նպատակով, Դեկտեմբերի 21էն մինչեւ 2009ի Յունուար 5-ը, Deem Communications ընկերութիւնը կազմակերպած է ՝՝Ձմեռնային փառատօն Հայաստան-2008ը՝՝ հանդիսութիւնը, որ սկսած է ձմեռնային շքերթով։ Ձեռնարկներ տեղի ունեցած են Սիրահարներու Այգիին մէջ, ուր նաեւ տեղի ունեցած՝ երաժշտական փառատօն։ Շքերթի վերջին կայանը կ՝ըլլայ Ձմեռ Պապի շարժաբեմը։ Շքերթին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն արուեստի սիրուած ու յայտնի գործիչներ, պարախումբեր, ծաղրածուներ եւ մարզիկներ։ Յաջորդող օրերուն տարբեր տօնական միջոցառումներ նախատեսուած են՝ տօնածառերու միջազգային ցուցահանդէս, ձմեռնային խաղեր, Արծաթէ եւ Ոսկէ երեկոներ եւ շարք մը այլ ծրագրեր։

Ըսենք որ նման փառատօն մը առաջին անգամ կազմակերպուած էր 2007ին։



Շարլ Ազնաւուրին Կը Տրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն։

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 25ին ստորագրած է հրամանագիր մը, որով Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհուած է մեծանուն երգիչ, հասարակական գործիչ, Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրին եւ անոր համերգներու կազմակերպիչ, Մովսէս Խորենացիի շքանշանակիր՝ Լեւոն Սայեանին։



Ռոպըրթ ֆիսք Կ՝անդրադառնայ Օպամայի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցին։

Հռչակաւոր լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք բրիտանական ՝՝Ինտիփենտընթ՝՝ օրաթերթին մէջ 27 դեկտեմբերին ստորագրած իր յօդուածին մէջ այն համոզումը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա իր նախորդներուն նման 24 ապրիլի նախագահական աւանդական յայտարարութեան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ՝՝Ողբերգութիւն՝՝ պիտի կոչէ։

Եւրոպայի խորհուրդի արտգործ նախարարները Փարիզի մէջ արտակարգ ժողով մը կը գումարեն Կազայի ողբերգութեան շուրջ։ Նախարարաները կը քննարկեն կարելիութիւնները՝ նպաստելու Կազայի տագնապին լուծումին, աջակցութեամբ՝ միջազգային հասարակութեան եւ մասնաւորապէս ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի յանձնառումով։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.