2008-12-30 15:10:13

2008 – Քրիստոնէականի ուսուցման տարին

Զրոյց 25-րդ Ծիսակատարումը Եկեղեցւոյ մէջ


ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒՄԸ, ԳՈՐԾ~ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ



221-Ինչպէ՞ս Հայրը ծիսակատարումին սկիզբն ու վախճանն է։

Ծիսակատարումին մէջ՝ Հայրը մեզի համար մարմնացած,մեռած եւ յարութիւն առած Իր Որդիին մէջէն՝ Իր օրհնութիւններով մեզ կը լիացնէ եւ Ս Հոգին մեր սրտերուն մէջ կը սփռէ։ Եկեղեցին ալ միաժամանակ Հօր պաշտամունք կը մատուցանէ, Անոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ Զայն կ՛օրհնաբանէ, միանգամայն Իր Որդիին եւ Ս. Հոգիին պարգեւները կ՛աղերսէ։



222-Ի՞նչ է Քրիստոսի գործը ծիսակատարումին մէջ։

Ծիսակատարումին մէջ Քրիստոս գլխաւորապէս Իր զատկական Խորհուրդը կը նշէ եւ կ՛իրագործէ։ Իր Առաքեալներուն եւ անոնց յաջորդներուն Ս. Հոգին տալով՝ անոնց շնորհեց փրկչագործութիւնը կատարելու իշխանութիւնը, շնորհիւ Գոհաբանութեան զոհին եւ Ս. Խորհուրդներուն, որոնց մէջ Ինք եւս կը գործէ Իր շնորհքը հաղորդելու համար բոլոր ժամանակներու եւ ամբողջ աշխարհի հաւատացեալներուն։



223-Ինչպէ՞ս ծիսակատարումին մէջ Ս Հոգին կը ներգործէ Եկեղեցիին նկատմամբ։

Ծիսակատարումին մէջ տեղի կունենայ ամենասեղմ գործակցութիւնը Ս. Հոգիին եւ Եկեղեցիին միջեւ։ Ս. Հոգին կը պատրաստէ Եկեղեցին իր Տիրոջ հետ հանդիպելու։ Կը վերյիշեցնէ եւ կը յայտնէ Քրիստոսը հաւատացեալներուն հաւատքին։ Քրիստոսի Խորհուրդը ներկայ կը դարձնէ եւ կ՛այժմէագործէ։ Ան Եկեղեցին կը միացնէ Քրիստոսի կեանքին եւ առաքելութեան եւ հաղորդութեան պարգեւը անոր մէջ բեղուն կը դարձնէ։



224 Ի՞նչ են Ս. Խորհուրդները։ Որո՞նք են անոնք։

Ս[ Խորհուրդները շնորհքին շօշափելի եւ արդիւնագործ նշաններ են, հաստատուած Քրիստոսէ եւ յանձնուած Եկեղեցւոյ, որոնց ընդմէջէն աստուածային կեանքը մեր մէջ կը բաշխուի։ Անոնք եօթը հատ են Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ս Հաղորդութիւն, Ապաշխարանք, Հիւանդներու Օծում, Կարգ եւ Ամուսնութիւն։



225-Ս Խորհուրդները Քրիստոսի հետ ի՞նչ առնչութիւն ունին։

Քրիստոսի կեանքին խորհուրդները հիմունքն են այն ամէն ինչին, որ Քրիստոս այժմ Եկեղեցւոյ պաշտօնատարներուն միջոցով կը բաշխէ Ս. Խորհուրդներուն ընդմէջէն։

Ինչ որ մեր Փրկչին մէջ տեսանելի էր, անցաւ Իր Ս. Խորհուրդներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.